Վրաստանի 11-րդ գումարման խորհրդարանը ստանձնած է լիազօրութիւնները, եւ, համապատասխանաբար, դադրեցուած են նախորդ գումարման օրէնսդիր մարմնի լիազօրութիւնները։ Նիստին ներկայ եղած է «Վրացական երազանք» կուսակցութեան պատուաւոր նախագահ, միլիառատէր Պիձինա Իւանիշվիլին։
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի չներկայանալու պատճառով խորհրդարանի առաջին նիստը բացած է ամենատարեց պատգամաւոր Լատո Քախաձէն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բնակչութեան Վրաստանի իշխող կուսակցութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար, յայտնած է «Սփութնիք» գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը:
Յայտնի է, որ Զուրապիշվիլին, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւնները հրաժարած են մասնակցիլ նիստին, քանի որ հոկտեմբերին կայացած եւ նոր խորհրդարանը ձեւաւորած ընտրութիւնները կը համարեն կեղծուած:
Նորընտիր խորհրդարանը իրաւասու է սկսիլ աշխատանքը, եթէ ներկայ է նորընտիր օրէնսդիր մարմնի ամբողջական կազմի (ընդհանուր 150 մանթատ) մեծամասնութիւնը: Առաջին նիստին գրանցուած են միայն իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութենէն նորընտիր պատգամաւորները՝ 89 մարդ։
Զուրապիշվիլին յայտարարած է, որ Վրաստանի խորհրդարանի նիստը «հակասահմանադրական» է:
«Նախ, զանգուածային ընտրակեղծիքները խաթարած են ատոր օրինականութիւնը: Երկրորդ՝ ես հրաժարած եմ 1-ին նստաշրջան հրաւիրելէ, եւ Սահմանադրութիւնը չի ճանչնար որեւէ մէկը, որ կրնար այդ ընել իմ փոխարէն։ Երրորդ՝ իմ դիմումը Սահմանադրական դատարանին ընթացքի մէջ է», -ըսած է նախագահը: