image

USC-ի Հայագիտականը Կը Գուժէ Բարերար Ճերըլտ Թրբանճեանի Մահը

USC-ի Հայագիտականը Կը Գուժէ Բարերար Ճերըլտ Թրբանճեանի Մահը

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Տորնսիֆ» բաժանմունքին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց հիմնարկը կը գուժէ բարերար Ճերըլտ «Ճերի» Թրբանճեանի մահը։

Ճերըլտ Թրբանճեան անդրանիկ զաւակն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած երկու հայորդիներու։ Ան ծնած էր Հալէպ եւ հասակ նետած էր Պէյրութի մէջ, ապա Միացեալ Նահանգներ հաստատուած էր, բարձրագոյն ուսման հետեւելու նպատակով։

Ան անդամ էր նշեալ համալսարանի Ազգային պատուոյ խորհուրդին եւ համալսարանին մէջ հաստատած էր Թրբանճեանի անուան Արդի հայագիտութեան եւ Քաղաքացիական հասարակութեան եւ ընկերային փոփոխութեան ամպիոնները, որովհետեւ ան ուսման կարեւորութեան հաւատացող էր։

Թրբանճեան ընտանիքի կրթական հիմնարկը եւս նպաստած է USC-ի մէջ հայագիտութիւնը զարգացնելու ջանքերուն, որուն համար ան 2016ին արժանացած էր Հայագիտական հիմնարկին «Ժառանգութեան» մրցանակին։

Ան միշտ նեցուկ կանգնած էր իր հայրենիքին՝ ուժեղ պահելով իր արմատներուն հետ կապը։ Անոր մարդասիրական ծրագիրներուն կիզակէտը կրթական մարզը եղած է։ Թրբանճեան մաս կը կազմէր հոգաբարձական կազմին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին, ուր ան հաստատած է քաղաքական վերլուծութեան կեդրոն մը, կրթանպաստի հիմնադրամ մը, ինչպէս նաեւ՝ «Գիւղերու զարգացման Թրբանճեան ծրագիր»ը, բարձրագոյն կրթութիւնը հասանելի դարձնելու համար նաեւ հեռաւոր շրջաններու բնակչութեան։

Թրբանճեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ շքանշաններու, որոնց շարքին են՝ «Էլիս Այլընտ», «Մովսէս Խորենացի», «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ Քալիֆորնիոյ «Սիթի աֆ Հոփ» բժշկական կեդրոնի՝ «Տարուան Մարդասէրը»։

 

Լուրը՝ «Ասպարէզ»էն