image
Հրատապ լուրեր:

Հայերէնը կը զուարճանայ (194)

Հայերէնը կը զուարճանայ (194)

1. Թիւ եւ հաւաքական անուն

Մեր գրեթէ բոլոր գրողներուն մէջ  տարածուած է հաւաքական անունները յոգնակի նկատելու թիւրիմացութիւնը. ստորեւ տեսնենք օրինակ մը «Արարատ»-էն:

***«Սփիւռքահայ երիտասարդներուն կը ներկայացնենք նմուշ մը իրենց տարեկից, այն հսկայ փաղանգէն, որոնք “ոչ միայն բանիւ, այլ գործիւ” մեկնեցան առաջնագիծ՝ պաշտպանելու իրենց  հայրենիքը»: 

Այս նախադասութեան հաւաքական անունն է փաղանգ-ը, որ յունարէն կը նշանակէ զինուորներու խումբ, իսկ ներկայիս  կը նշանակէ   մարդկային որեւէ խումբ:

Բառիս այս նշանակութենէն ալ տարուած` լրագրողը զայն ընկալած է իբրեւ յոգնակի բառ, եւ այս թիւր ընկալումին  հետեւանքով ալ՝  

--անոր տուած է յոգնակի յարաբերական դերանուն մը՝ որոնք: 

--այս յոգնակի դերանունին բնական հետեւանքն է յոգնակի ստորոգիչը՝ մեկնեցան:

--բնական հետեւանք մըն է նաեւ   յոգնակի  ստացական դերանունը՝ իրենց:

Փաղանգ-ը, այո, գումարն է մեծաթիւ մարդկային էակներու, սակայն ան իր ձեւով եւ քերականօրէն կ’ընկալուի իբրեւ եզակի գոյական եւ կը պահանջէ եզակի բայ: 

Փաղանգին պէս իմաստով  յոգնակի, սակայն քերականօրէն եզակի են՝ ամբոխ, աշակերտութիւն,   բանակ, բոյլ,  երամ, ժողովուրդ, խումբ, մարդկութիւն եւ շատ ու շատ ուրիշներ: 

                                                                  *   *   *

Վերոնշեալներէն  բացի կը գտնենք  լեզուական ընթացիկ սխալներ եւս:

--ոչ միայն ...այլ շաղկապ չունինք. պէտք է ըլլայ ոչ միայն ...այլեւ. ուրեմն՝ ոչ միայն բանիւ, այլեւ գործիւ: 

--գործ բառը չունի «գործիւ» ձեւով գործիական հոլով մը. ան գրաբարի եւ աշխարհաբարի մէջ հաւասարապէս կու տայ գործով

«Արարատ»-ի այս բոլոր սխալները ուղղելէ ետք պիտի  ունենայինք՝

--«Սփիւռքահայ երիտասարդներուն կը ներկայացնենք նմուշ մը իրենց տարեկից այն հսկայ փաղանգէն, որ “ոչ միայն բանիւ, այլեւ գործով” մեկնեցաւ առաջնագիծ՝ պաշտպանելու իր հայրենիքը»:

--Աւելորդ ու սխալ է տարեկից  բառին քով դրուած ստորակէտը  եւս:

2. «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը  չէր կրնար  անմասն մնալ այսպիսի եզակի  խրախ-ճանքէ մը. Noblesse oblige!!! Որ  թարգմանի՝  «Կոչումը կը պարտաւորեցնէ՜՜՜...»:

            --Քննարկուած են...հարցերու լայն շրջանակ:

--Ցուցարարներու խումբ մը ներխուժած են... 

            Ու  տակաւին՝ 

            --Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ տարակարծութիւններ ունինք... բայց եւ այնպէս, մենք տակաւին զանոնք կը նկատենք  արդիւնաւէտ եւ օգտակար  եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ անոնց հետ:  

            Զանոնք-ը եւ անոնց-ը յոգնակի են եւ կը վերաբերին ղեկավարութեան,  որ... եզակի է: Այլ խօսքով՝ պարտինք գրել՝ զայն եւ անոր:

            Ծանօթ.−  Այս էջը խոր տարակարծութիւն մըն ալ ունի... Ամերիկայի հետ. քսան տարիէ իվեր ան չի յաջողիր որոշել, թէ  Միացեալ Նահանգներ եզակի՞ է, թէ՞ յոգնակի:  Ըստ այնմ ալ օր մը եզակի կը գրէ, օր մը՝ յոգնակի, խելքին փչածին պէս:

*   *   *

            Այստեղ իր պատուոյ տեղը ունի «Պայքար»-ը. տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ.

--Այսօր մեր ժողոէուրդն ու հայրենիքը կը դիմակալէ դժուարին օրեր:

--Մեր առջեւ ծառացած է բազմերես խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ:

--Մեր բողոքը եւ զայրոյթը առաջին հերթին ուղղուած է... :

--Ոճիրները ժողովուրդներուն դէմ կը շարունակուի

--Կազայի մէջ կը սպառի վառելանիւթը, ջուրն ու սնունդը:

3. Մեծ յաճախականութիւն  ունին  ենթակայ/ստորոգիչ անհամաձայնութեան պարագաները:

Այստեղ իր  ուրոյն   ու մնայուն  տեղը ունի «Ակօս»-ը, որ իր յաճախականութեամբ կը գլէ կ’անցնի մեր բոլոր թերթերը, սա՛ տարբերութեամբ, որ այստեղ ընդհանրապէս յոգնակի ենթակային կը տրուի եզակի ստորոգիչ. օրինակ՝

--Կայացած է գիտնականներու կանխատեսումները:

--Աղէտ մըն է  անտառներու հրդեհները:

--Ոմանք «գորշ գայլեր» բառը գործածելով պիտի սպառնայ:

--Շուէտի իշխանութիւնները բոլոր միջոցները ապահոված էր:

--Հրատարակուեցաւ մտից քննութեան արդիւնքները:

Շարքը շատ ու շատ երկար է. այսպէս է, որովհետեւ թրքերէնը  յոգնակի ենթակային սովորաբար կու տայ եզակի ստորոգիչ. այսպէս՝ թուրք աշուղը կ'ըսէ.

Kara   dır   kašların,   ferman      yazdırır

Սեւ    է      յօնքերդ,  հրաման   կը թելադրէ...

Ուր հայ աշուղը պիտի ըսէր՝ «Սեւ են յօմքերդ,  հրաման կը թելադրեն...»:

              4. Կրնայ պատահիլ, որ հաւաքական անուն մը իբրեւ որոշիչ կիրարկուի յոգնակի  անունի. օրինակ՝ խումբ մը տղաք, փաղանգ մը կամաւորներ,  բոյլ մը աստղեր, երամ մը արագիլներ եւ այլն:

Այս պարագային,— նկատելի է,—  որոշեալ գոյականը  անպայման յոգնակի կը կիրարկուի. չենք կրնար ըսել՝ խումբ մը տղայ, երամ մը արագիլ եւ նմանները:

Եւ մեր խօսքը բնականաբար կ’ունենայ հետեւեալ կառոյցը.

--Խումբ մը տղաք մեկնեցան (յոգնակի):

--Բոյլ մը աստղեր կը պլպլային (յոգնակի) երկինքի վրայ:

--Զոյգ մը աչքեր զիս կը չափչփէին (յոգնակի):

Սակայն կրնանք ունենալ հակառակը եւս.

--Տղոց խումբը շարժեցաւ (եզակի):

--Աստղերուն բոյլը անհետացաւ (եզակի):

--Եզներուն զոյգը բաժնուեցաւ (եզակի) նախիրէն:

5. Սիրամարգ

Այս բառին համար  «Նոր հայկազեան»-ը կը գրէ.               

--«[Թռչուն] որ սիրէ զմարգս»: Այսինքն՝  «թռչուն, որ կը սիրէ մարգերը»: Այս մեկնաբանութիւնը  ըստ  նշանակութեան ճիշդ համարելով հանդերձ՝  քերականագէտ Յովհաննէս Գազանճեանը նկատել կու տայ, որ բառս պէտք է ըլլար մարգասէր եւ ոչ սիրամարգ: Իսկ իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է. սիրամարգ-ը ժողովրդախօսակցական

աղաւաղումն է պարսկերէն սինամուրգ բառին, որ կը նշանակէ «չինական թռչուն».  սին=չին (-ական), մուրկ=թռչուն : Որ, ուրեմն,  ոչ մէկ կապ ունի սիրոյ ու մարգի հետ:

Մրցոյթ 191.

***Կէտերը փոխարինէ իր կամ անոր դերանունով.

---Գերին վերադեարձաւ տուն. անոր  լեզուն կտրեր էին, որպէսզի իր մայրենին չգործածէ: 

***Ջնջէ՛ հետեւեալին երեք աւելորդ բառերը.

---Նախարարները դռնփակ նիստերունմանրամասնքննած են Լիբանա-նի պայթումներու հետեւանքները:

***Փորձէ՛ սրբագրել հետեւեալ սխալ կառոյցը.

---Մեր խնջոյքը կ’աւարտէինք՝ ըմբոշխնելով  մառանի ընտիր գինիները:

***Ի՞նչ սխալ կը գտնես հետեւեալին մէջ. սրբագրէ՛ զայն.

---Իմ կառավարութիւնս յանձնառու է տարածաշրջանին մէջ հակամար-տութեան էջը փակելու:

***Կէտերը փոխարինէ  յարմար շաղկապով.

---Այսօր ջրեցի ոչ միայն իմ թաղարներս, այլեւ  դրացիին ամբողջ պարտէզը:

---Ան կարդացած է ոչ միայն Ծննդոց գիրքը, այլ ամբողջ Աստուածաշունչը:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ եազըճեան (10),Գեղամ Խաչատրեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան (9), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (10),Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (10): 

Մրցոյթ 192.  

*** Կէտերուն տեղ դի՛ր  է   կամ  են :

---Այս ծրագիրին մէջ նորութիւն . . . . . . . տառերուն մտապատկերները:

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր՝

ա)  ռամիկին հետեւեալ խօսքը.

---Քանի անգամ ըսած եմ քեզի, որ նման  բամբասանքներու  ականջ մի՛ կախեր:

բ)  եւ  «Արմէնպրես»-ի հետեւեալ մարգարիտը.

---Նրա անհետ կորելու վերաբերեալ նաև տեղեկութիւնը տարածուել է մամու-լով :

***Գտնել ու սրբագրել հետեւեալին մէջ սպրդած լեզուական սխալը. 

---Պատերազմի սկիզբէն ի վեր սպաննուածներուն  թիւը հասաւ 2141-ի, իսկ վիրաւորները աւելի քան 10.000-ի:

***Կէտերը փոխարինէ յարմար շաղկապով մը:

---Թէեւ  լիբանանցիները մասամբ վարժուեցան անօդաչու սարքերուն . . . . . . . վախը անոնց մէջ մնցաց գերակշռող:



Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com