Հայրենի հայութեան համար Արեւմտեան Հայաստան այցելելը անկարելիութիւն էր հասկնալիօրէն, երկաթեայ վարագոյրին առկայութեան պատճառով: Սփիւռքահայութեան պարագային այդպիսի արգելքներ չկային, սակայն մինչեւ հիմա չէի այցելած, պարզապէս որովհետեւ ուղղակի երբեմն եւ անուղղակի, կար հակաքարոզչութիւն մը, չայցելելու այդ երկիրը: Այո, շատոնց կ՚ուզէի տեսնել ու միայն նոր անդրադարձայ եւ իրականութիւն դարձուցի այդ զսպուած փափաքս եւ գտայ որ ամէն կերպ պէտք է քաջալերուին դէպի արեւմտեան Հայաստան այցելութիւնները: Ամէն մարդ պէտք է այցելէ ու սեփական աչքերով տեսնէ այդ հրաշք երկիրը, զոր մենք կը կ՚ոչենք երկիր դրախտավայր, առերեսուինք դառն իրականութեան հետ, գիտակցինք այդ կորուստին պատճառներուն ու դասեր քաղենք անցեալի մեր սխալներէն, քանզի անոնք միայն արտաքին պատճառներ չեն. Կա՛ն նաեւ մեր սխալները: Արցախեան վերջին աղէտի պատճառներէն են նաեւ մեր սեփական սխալները, որոնք թուելու պէտք չկայ: Ամէն մարդ գիտէ:
Տասնութ հոգիանոց խումբով մը Ջաւախքի ճանապարհով, կտրելով թրքական սահմանը մտանք Արտահանի մարզ….: Բնութիւնը շարունակութիւնն էր Ջաւախքի եւ Շիրակի դաշտի՝ Ամասիայի եւ Աշոցքի տարածքներու բնութեան: Ալպեան բարձր լեռնային արօտավայրեր, ընդհանուր դատարկութիւն, քիչ բնակավայրեր, շատ արածող կենդանիներ, հիմնականին մէջ գետնախնձորի (կարտոֆիլ) մշակութիւններ, մաքուր, ցուրտ եւ առողջարար կլիմայ:
Առաջին կանգառը Ծովակն հիւսիսոյ լճի ափին էր (թրքերէն անունը Չիլտըր), ուր կար եւ ծովահայեաց փոքրիկ ճաշարան մը: Նախաճաշը տաք թէյի հետ սքանչելի էր, մանաւանդ որ մեր մտքերը շրջապատին ու լճին հին հայկական անուան շուրջ էին: Մեր առաջին շփումներն էին ճաշարանին մէջ աշխատող քիւրտերուն հետ: Յաջորդող օրերուն պիտի հասկնայինք (թէեւ գիտէինք ի սկզբանէ) որ ամբողջ Հայկական բարձրավանդակի այսօրուայ բնակիչներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը քիւրտեր էին: Քիւրտերը ի տարբերութիւն թուրքերուն, շատ բարձր ժողովրդագրական աճ ունին: Վեց զաւակներէ վեր մինչեւ տաս-տասներկու երեխաներ ունեցող ընտանիքները սովորական երեւոյթ են, հետեւաբար միջին տարիքը թուրքիոյ մէջ 34 է, իսկ քիւրտերու պարագային 24-25: Բանակի մեծ տոկոսը կը բաղկանայ քիւրտերէ:
Երեւի մէկ ժամ ետք, Անիի աւերակներուն մօտ էինք… Ախուրեանի միւս ափէն՝ Հայաստանէն ընդամէնը մէկ կամուրջի վրայով անցնելու փոխարէն մեզ պէտք եղած էր քշել ութ երկար ժամեր հասնելու Հայոց պատմութեան անցեալի հպարտութիւնը ներկայացնող անգնահատելի մէկ գոհարին՝ Անի քաղաքին: Ախուրեանի միւս ափէն տեսնուող աւերակ մի քանի պատերուն եւ գետի ափին կիսափուլ մէկ մատուռին փոխարէն, աչքերնուս առջեւ էր միջին դարերու megapolis եղող քաղաքի մը մնացորդը, որ հաշուած էր երկու հարիւր հազար բնակչութիւն, եւ մետաքսի ճամբուն վրայ կարեւոր մշակութային եւ առեւտրական ոստան մըն էր: Աւաղ մենք այդ կորսնցուցած էինք մեր անմիաբանութեան եւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսի եւ Վեստ Սարգիսի դաւաճանութեան պատճառով: Ներկայիս Անիի տաճարները կը վերանորոգուին UNESCO ի բարձր հովանաւորութեամբ, անշուշտ նորոգողները թուրք շինարարներն են: Երեւի մասնաւորաբար ծանր ազդած էր իմ վրայ Անին բացայայտելս: Չէի երեւակայեր տեսնել այդ աստիճանի փառաւոր քաղաքի մը տակաւին կանգուն մնացորդը:
Ճանապարհը շարունակեցինք դէպի Արարատեան դաշտի, Սուրմալու գաւառի Իգտիր քաղաք: Ինչպէ՞ս մտքով չթռչես դէպի մեր անցեալը ու չմտաբերես հայկական կամաւորական գունդերու պատմութիւնը եւ մանաւանդ Իգտիր քաղաքին մէջ ծնած ու մեծցած Դրաստամատ Կանայեանը՝ մեր Դրօն: Քաղաքը փռուած է Մեծ Մասիսի արեւմտեան փէշերուն եւ կը հաշուէ մօտ հարիւր հազար բնակչութիւն, իսկ շրջանը 200 000, որոնց մեծամասնութիւնը քիւրտեր են, քիչ մըն ալ վերջերս Նախիջեւանէն այստեղ հաստատուած էթնիկ ազերիներ: Արեւմտահայաստանի մէջ ընդհանրապէս թուրքեր չկան: Ցնցող էր սահմանակից Արմաւիր մարզի Նալպանտեան գիւղի այդ աստիճանի մօտիկութիւնը՝ ընդամէնը մայրուղու ձախ թեւին: Առիթը ունեցայ խօսելու երկու երիտասարդներու հետ, որոնցմէ մէկը քիւրտ, միւսը ազերի: Առաջինը կ՚ըսէր որ իր հայրը կէս հայ էր:
Ճանապարհը դէպի յաջորդ քաղաքը ուր պիտի իջեւանէինք, ուղղակի Մասիսի փէշերով կը բարձրանար, ուրկէ կ՚երեւար Երեւանը, գրեթէ ամբողջութեամբ: Հասկցայ որ մենք մեր թուաքանակով եւ թուրքերուն ռազմագիտական անհամեմատելի դիրքային առաւելութիւններով, տնտեսութեամբ ու ամէն ինչով, ներառեալ գուցէ հայրենասիրութեամբ, ոչ մէկ ձեւով կրնանք չափուիլ իրենց հետ, բացի իրական խաղաղութեան ամրապնդմամբ, լաւ դաշնակիցներով, տնտեսական հզօրացմամբ եւ մանաւանդ գիտական ոլորտներու զարգացմամբ, որու համար կրթութիւնը առաջնահերթ է: Գիշերեցինք Տոկու-Պայազիտ քաղաքին մէջ: Առաւօտեան մեր աչքի առաջ բացուեցաւ մեծ Մասիսը իր ամբողջ հզօրութեամբ: Ուղղակի մեր գլխավերեւն էր: Այստեղէն է որ լեռնագնացները քիւրտ զբօսվարներու աջակցութեամբ կը բարձրանան գագաթ, ուր տաս տարի առաջ զաւակս բարձրացած էր: Այս քաղաքի հետ կապուած է Ռաֆֆիի “Խենթը” ի պատմութիւնը:
Առաւօտեան նախաճաշէն ետք հրաժեշտ տուինք Տոկու-պայազիտին՝ ինչպէս թուրքերը կը կոչեն զայն: Դարձեալ անվերջանալի ամայութիւն: Կը զարմանաս թէ ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր տեղաւորուած են 20 միլիոնէ աւելի քիւրտերը… պարզ է պատասխանը. Երկիրը ընդարձակ է իսկ գիւղերը բազմամարդ եւ բազմանդամ ընտանիքներով: Այդ ամայութեան մէջ ահա Թոնդրակ լեռը, որուն շուրջ եւ չորս դին, սեւ լաւայի տարածքները: Թոնդրակի տարածքը պատմութեան յայտնի թոնդրակեցիներու ապրած շրջանն է, որմէ անոնք հալածուած էին հայաստանեան եկեղեցւոյ դրդմամբ, օրուայ իշխանութեանց կողմէ, եկեղեցւոյ դէմ իրենց կեցուածքին պատճառով, որոնք իրենց յեղափոխական գաղափարները տարին նոր հայրենիքները՝ եւրոպական տարբեր շրջաններ: Այդ տարածքին մէջ էր նաեւ պատմական Արշակաւանըմ որոնւ հետքը արդէն չկայ: Մի քանի ոլորաններ անցնելէ ետք մեր աչքին առջեւ պիտի բացուէին Վասպուրական նահանգի դաշտերն ու սարերը իրենց ամբողջ հմայքով: Պատմական Հայաստանի եւ Բարձր Հայքի սիրտն էր Վասպուրականը: Խումբէն ոչ մէկ ձայն, ծպտուն չկար, բոլորը լուռ, խոնաւ աչքեր յառած էին դէպի շրջապատը… : Կարծեմ առաջինը ես նկատեցի շատ հեռու՝ հորիզոնին, Վանայ լիճը…: Երեւի մէկ ժամ ետք, մեր աջին կապուտակ Վանայ լճի միւս ափին երեւաց Արճէշը, որում անունը դարձած էր Էրճէշ: Բոլոր գիւղերն ալ իրենց անունները փոխուած ըլլալով անգամ տեղացիք գիտեն բուն հայկական անունը:
Քիչ յետոյ մտանք քաղաք…. Խանութներու եւ տարբեր մասնագիտութեանց վաճառատուններու եւ սրճարաններու կարգ մը ցուցանակներու վրայ կարդացինք “ Տոսպ” “ Տուշպա” (թերեւս ալ “Արգիշտի” թէեւ չտեսայ) անունները…: Վան քաղաքն էր:
Մինչեւ Վան մեր մուտքը, ճանապարհին կէս ժամի չափ վայելելէ ետք Բերկրիի հրաշագեղ ջրվէժը, հասած էինք Վան:
Վանի հին անունը ինչպէս անուանուած է սեպագիր արձանագրութեանց մէջ, Տուշպա, Վան-Տոսպ, որոնք Բիայնիլի երկրանուան հնչիւնափոխուած ձեւերն են: Հիմնադրուած է Ք.Ա. 825 ին, Վանա լճի հարաւ արեւելեան ափին: մինչեւ քսաներրորդ դարու սկիզբը, կը բաղկանար երկու մասէ: Քաղաքամէջ կամ բուն քաղաք, եւ արեւելեան կողմը Այգեստան, որ ուռենիներով եւ այգիներով հարուստ թաղեր են: Հայերը մինչեւ 1915 թուականը կ՚ապրէին հիմնականին մէջ Այգեստանի մէջ եւ մաս մը բուն քաղաքամէջ, ուր կը գտնուէր եւ շուկան: Վանը պաշտպանուած է արեւմուտքէն եւ հարաւէն, Տաւրոսեան լեռնաշղթայի մէկ հատուածով, իսկ բուն քաղաքը իր ամրակուռ ամրոց բերդով, որ իր նշանակութիւնը պահած էր մինչեւ 1915, երբ անոր վրայ զետեղուած թնթանօթներէն ռմբակոծուած էր իր ստորոտին գտնուող 2500 հայերէ բաղկացած քաղաքամէջը, որ կը պաշտպանուէր Այգեստանէն անջատ հայութեան կողմէ: Այգեստանը որ կը գտնուի Վարագայ լերան ստորոտին, ինքնապաշտպանական կռիւներ մղած էր օսմանեան բանակին դէմ ու դիմացած ամբողջ 40 օրեր Արամ Մանուկեանի հրամանատարութեամբ, մինչեւ որ ազատագրուած էր ռուսական բանակին միացած հայ կամաւորական ջոկատներու կողմէ: Աւաղ, մէկ ամիս ետք ռուսական բանակը նահանջած էր իր հետ ստիպելով կամաւորական ջոկատներու նահանջը: Ամբողջ Վասնպուրականի հայ ազգաբնակչութիւնը ստիպուած հեռացած էր նահանջող բանակին հետ եւ տեղափոխուած արեւելեան Հայաստանի գիւղերուն եւ Երեւանի մէջ: Այսօր Երեւանի Այգեստան թաղամասը այդ վանեցիները հիմնած են:
Վանի բերդը՝ չորս կողմէն պարսպապատ է եւ անառիկ: Մեր խումբէն ոմանց համար իսկապէս դժուար էր բարձրանալ վերեւ մինչեւ Արգիշտիի դամբարանը: Վերէն, հրաշագեղ համայնապատկեր է. Վանայ լիճը իր անդիմադրելի հրապոյրով, Այգեստանը, քաղաքամէջը, ուր միայն հին հայկական թաղամասի միայն մի քանի տուներու յատակագիծերու հետքերը կ՚երեւան, նոր թաղամասերը, Վարագայ լեռը, որուն վրայ կար Վարագայ վանքը, որ ներկայիս գետնին հաւասարեցուած է կ՚ըսեն, եւ Տաւրոսեան լեռնաշղթան եւ այլ լեռներ, որոնց մէջ իւրայատուկը՝ ձիւնածածկ Սիփանը: Չեմ կրնար նկարագրել Վանի թողած տպաւորութիւնները մեր վրայ: Պէտք է անձամբ այցելել հոն, որպէսզի իւրովի ապրիք այն ինչ մենք իւրաքանչիւրս ապրեցանք: Պէտք է ուղղուէինք դէպի Վասպուրականի մէկ այլ գոհար՝ Աղթամար կղզին, որմէ առաջ այցելեցինք Վանայ կատուի տուն ապա Մհերի դուռ: Յիշատակութեան արժանի է որ քիւրտերն ալ զայն կը կոչեն Մհերի դուռ (Mher Kapisi): Պատմեմ ծիծաղաշարժ դրուագ մը: Երբ կը դիտէինք ներքեւէն Մհերի դուռը, կողքը գտնուող տունէ մը դուրս եկաւ քիւրտ ծերունի մը: Մօտեցայ եւ հարցուցի թէ ի՞նչ է այս դրան պատմութիւնը, պատասխանեց թէ չգիտեր ու կ՚ըսեն թէ Մհեր անունով մէկը ներս մտած է ու դուռը վրան փակուած, ըսի թէ ամէն տարի Վարդեվառի օրը դուռը կը բացուի ու Մհերը դուրս կու գայ, միամիտ միամիտ պատասխանեց թէ այդպէս կ՚ըսեն բայց այսքան տարի է այդ օրը բոլոր օրը արթուն կը նայիմ դրան, բայց ոչ մէկու դուրս գալը չեմ տեսած…
Կ՚ուղղուինք դէպի Աղթամար կղզին, որ լճի չորս կղզիներէն երկրորդ մեծագոյնն է, բայց կարեւորութեամբ առաջինը: Անդին կ՚երեւան Լիմ եւ Կտուց կղզիները: Մեր ետեւն է արդէն Վարագայ սարը, իսկ Սիփանը դէմը: Լիճը բոլոր կողմերով շրջապատուած է լեռներով: Կ՚երեւայ մշուշապատ Նեմրութը: Աղթամարը մեր դեմն է: Նաւամատոյցին, կը տեղաւորուինք նաւու մը վրայ: Ծովը փոթորկոտ է այսօր եւ նաւը ճեղքելով բարձր ալիքները, երբեմն երկու երեք մեթր վեր կը թռչէր: Կղզու վրայ արդէն կ՚երեւար Աղթամարի Ս.Խաչ եկեղեցին, անշուշտ առանց խաչի: Տարիներ առաջ, ուզած են եկեղեցին պայթեցնել, սակայն քիւրտ մը նկատելով ականապատելու գաղտագողի գործողութիւնը, լուր կու տայ թերթերուն եւ Պոլսոյ պատրիարքին ու այդպէսով առաջքը կ՚առնուի պայթեցման: այսօր ան UNESCO-ի ցանկին վրայ է ու ապահով: Նաւը կղզիին շուրջ շրջան ընելով մեզի առիթ կ՚ուտայ տեսնել կղզին բոլոր կողմերէն: Եկեղեցիին եւ վրայի զարդաքանդակներու նկարագրութիւնը լսելէ ետք, ազատ ճեմելու պահն էր: Բարձրացայ ներքեւէն երեւացող դէպի այն ժայռը, ուր Գեւորգ Չաւուշը իր մոսինով նկարուած էր եւ իր միակ նկարն էր: Կարելի չէր սակայն աւելի մօտենալ, ճաղերով փակած էին ճանապարհը զգուշացման ցուցանակով մը վրան (Girmek Yasak): Մէկ ժամ ետք արդէն ծովափին մօտիկ ճաշարանի մը մէջ Վանայ նշանաւոր տառեխը մեզ կը սպասէր: Լսած էի թէ տառեխը աղի է եւ անհամ: Այդպէս չէր եւ Տարուինեան օրէնքին (Survival of the fittest) համաձայն, ծովուն միակ բնակիչը՝ չկան ուրիշ տեսակի ձուկեր այնտեղ, որովհետեւ ծովերու ջուրերէն կրկնակի աղի է այստեղ: Լաւ, ուրիշ կենդանի ալ կայ որ կրցած է լողալ այդ ջրերուն մէջ: Վանայ կատուն իր թաթերի արանքը բադերու նման ունի մաշկեր, որ իրեն թոյլ կուտայ լողալ:
Մութը կոխած էր: Կը շարունակենք ճանապարհը դէպի արեւմուտք: հեռուն ծովուն աջ կողմը կը փայլփլին Պիթլիսի նահանգի Խլաթ (խլաթ՝ քրտերէն, Ահլաթ թուրքերէն) քաղաքի լոյսերը: Կ՚անցնինք Կէվաշ քաղաքի մէջով (թուրքերէն անունն է իսկ քրտերէն՝ Վեստան, մեր հայոց Ոստանը): Յետոյ Դատուան քաղաքով, Տարօն-Տուրուբերան նահանգ:
Էրթանք մըր էրգիրը Մուշ,
Քաղինք բանջար, նուռ ու նուշ,
Ուտինք քաղցր մանանայ,
Խմինք պաղ ջրերն անուշ:
Մուշ, Մուշ, քաղցր Մուշ,
Մուշն է բոլորից անուշ
Ելնինք սարեր իմ Սասուն
Ուր քաջեր կան դիւցազուն:
Մտովի կ՚երգէինք թերեւս, գոնէ ես: Հասած էինք Մուշ: Հիւրանոցը երեւի քաղաքի կեդրոնական մասի մէջ էր: Լայն էր, լուսաւոր վաճառատուներով լեցուն: Դէմը՝ քաղաքի ամէնամեծ մզկիթը:
Առաւօտեան դուրս կու գանք քաղաքը բացայայտելու: Հիւրանոցը եւ փողոցը, քիչ անդին բարձրացող բլրան փէշերուն է համարեայ, զարմացայ երբ իմացայ որ այդ բլուրը Սասնայ լեռներուն սկիզբն է: Անկէ անդին անվերջանալի լեռներ ու ձորեր են եւ ամէնաբարձրը Տալուորիկը եւ Մարաթուկը: Այս շրջապտոյտին մաս չէին կազմեր անոնք դժբախտաբար: Երբեմնի հայկական թաղամասէն շատ բան չէր մնացած, միայն քանի մը խարխլած տուներ եւ հայկական կիսաւեր եկեղեցին, որ թուրքերը դեռ այդ ժամանակ բանտի վերածած էին: Հոն է որ բանտարկուած էին հայ յեղափոխականներէն շատեր, ինչպէս Հրայր Դժողքը եւ Գէորգ Չաւուշը, որ 101 տարուայ բանտարկութեան դատապարտուած էր, բայց յաջողած էր փախուստ տալ անկէ: Թաղամասին հանդիպակած կողմի բլրան վրայ կ՚երեւային սպիտակ քանի մը քարեր որոնք դամբարաններ էին: Անոնցմէ մին Գէորգ Չաւուշինն է: Մուշի հայութիւնը 1915 ին չկրցաւ փրկուիլ ինչպէս Վասպուրականի եւ Վանի հայութիւնը, որովհետեւ ռուսերը յանկարծ նահանջեցին, երբ Տարօնի դռներուն էին: Ատոր համար է որ Վանի մէջ համարեայ հայկական ծագումով մարդիկ չկան: Սասունի եւ այլ վայրերու մէջ նոյնը կարելի չէ ըսել եւ տրամաբանականօրէն պէտք է որ այդ ժամանակ առիթը ներկայած պարագային՝ ներառեալ հաւատափոխ ըլլալով, փրկուած ըլլային: Նոյնն էր Մուշի մէջ, որ 10000 հայութիւն կը հաշուէր: Մաս մը անոնցմէ, գուցէ հարուստները, տրուած ըլլալով որ քաղաքի առեւտուրի խանութներուն կէսէն աւելին հայերուն կը պատկանէր, հաւատափոխ ըլլալով փրկուած էին: Կ՚ըսուի թէ այսօր քաղաքի 100 000 հաշուող բնակչութեան թերեւս հինգէն վեց հազարը քրտացած հայեր են: Յատկանշական է որ այդ հայերու անպաշտօն առաջնորդն է Արմէնը, որ յաճախ կ՚այցելէ Երեւան: Տեղացիները զինք Արմէն անունով կը ճանչնան:
Կէսօրին, շարժեցանք դէպի Մշոյ դաշտ:
Ճիշտ կարդացած գիրքերուս միջոցաւ պատկերացուցածս դաշտն է Մշոյ դաշտը: Շրջապատուած Սասնոյ լեռներով եւ հայկական Տաւրոսով: մէկ ծայրէն միւսը 65 քիլոմեթր է: Արարատեան դաշտէն աւելի փոքր է, սակայն աւելի բարեբեր, աւելի ջրաոատ ըլլալուն (մէջէն կ՚անցնին Մեղրագետը եւ Արածանին) պատճառով: Թէ առաջ եւ թէ ներկայիս, բնակչութիւնը կը զբաղուի հողագործութեամբ եւ խաշնարածութեամբ: Այժմու բնակչութիւնը բացառապէս քիւրտեր են: Արածանիի վրայ է Սուլուխի հոյակապ կամուրջը որ նշանաւոր է շատ պատմական իրադարձութիւններով: Այս գետի մօտակայքին տեղի ունեցած են բազում պատերազմներ որոնցմէ է նաեւ Տիգրան մեծի յաղթանակը Լուկուլոսի հռոմէական բանակին դէմ: Հոս է որ Գէորգ Չաւուշի խումբը որ Սուլուխ գիւղի մէջ ժողովուրդին հետ հանդիպումէ մը ետք, տեղւոյն դաւաճան հայերու կողմէ մատնութեան պատճառով, պաշարուած էր թրքական բանակին կողմէ եւ կռիւ տուած, ուր եւ ծունկէն եւ ուսէն վիրաւորուած էր: Խումբը ի վերջոյ կռուելով պաշարումէն ազատուած էր ու նահանջած սոյն կամուրջը, որմէ ետք պիտի փորձէր ապաւինիլ սարերուն: Գէորգը արիւնաքամ ըլլալով չէր կրնար շարունակել քալել, ուստի գետի եզերքին եղէգնուտի մը մէջ կը ձգուի: Յաջորդ օրը խումբը արդէն փրկուած էր սակայն առանց Գէորգին: Պատահական քիւրտ անցորդ մը լսելով ջրի ափին տնքոց մը, կը գտնէ Գէորգին ու կը հարցնէ անոր ով ըլլալը, որուն կը պատասխանէ - Գէորգ Չաւուշն եմ- ու այդպէս քիւրտի մը թեւերուն մէջ իր վերջին շունջը կը փչէ Տարօն աշխարհի առասպելը դարձած մեր դիւցազունը: Թուրքական տեղական իշխանութիւնները ի պատիւ Գէորգին, յուղարկաւորութիւնը զինուորական նուագախումբով կը կատարեն եւ դիակը կը յանձնեն հայ եկեղեցւոյն: Նոյն գետի կամուրջէն բազում հայ աղջիկներ, ցեղասպանութեան օրերուն իրենք զիրենք նետած են Արածանիի մէջ:
Ճանապարհը կը շարունակենք դէպի խնուսի դաշտ (թրքերէն hinis), որմէ առաջ մեր ձախին կը տեսնենք Տարօն աշխարհի վերջին գիւղը՝ Վարդօ-ն (թրքերէն Varto):
Դատելով իր զբաղեցուցած տարածքի չափէն, գիւղը մեր Լիբանանի հայաբնակ Այնճար գիւղէն ալ փոքր է, սակայն հոն կ՚ապրին 31 000 մարդ: Ըստ հաւաստի տեղեկութեան, լսուած նոյն գիւղի գիւղապետէն, բնակչութեան մէկ քարորդը՝ մօտ 5000 հոգի, հայկական ծագում ունի եւ քրտացած է: Յատկանշական է որ ցեղասպանութեան ժամանակ Վարդոյի բնակչութիւնը տեղահանուած էր ու բռնած Տէր-Զօրի ճամբան: Ճանապարհին տեղ մը գիշերուայ մթութենէն օգտուելով, հինգ ընտանիքներ փախուստ կուտան ու կ՚ապաւինին Ճուտ լեռան անտառներուն մէջ: Անոնք երկար տարիներ կ՚ապրին թաքնուած եւ կ՚որդեգրեն լրիւ քրտական հագ ու կապը, կենցաղը եւ նոյնիսկ լեզուն, սակայն կը բազմանան ամուսնանալով իրար միջեւ ու երբեք օտարի հետ ամուսնութիւններ չեն կնքեր: Կ՚անցնին 31 տարիներ: Աւարտին հասած էր առաջին եւ երկրորդ աշխարհամարտերը: Հինգ հարիւր հոգի կը հաշուէր այլեւս այս համայնքը որ կը կոչուէր Վարդոյի հայ աշիրէթ: Պոլսոյ պատրիարքարան կը հանի այս տեղեկութիւնը: Շնորհք պատրիարքը անձամբ կու գայ այցելութեան եւ դժուարութեամբ կը համոզէ որ համայնքը իրեն վստահի երեխաները փոխադրել քաղաք, գոնէ հայեցի կրթութիւն ջամբելու եւ քաղաքակրթելու համար: Կը յաջողի քսան երեխաներ հետը տանիլ ի վերջոյ, որոնք որբանոցի մը մէջ կը տեղաւորուին: Հոն պոլսեցի հայ երիտասարդ մը կը սիրահարուի Վարդոցի հայ աղջկայ մը հետ ու կը խնդրէ ձեռքը, սակայն ոչ մէկ կերպ կը համաձայնին աղջկայ ծնողքը, չէ՞ որ իրենք միայն իրար միջեւ կ՚ամուսնանային: Պատրիարքը կը միջամտէ անձամբ ու վերջապէս կը կատարուի առաջին “խառն ամուսնութիւնը” պոլսեցի հայ երիտասարդ Հրանդ Տինքի եւ Ռաքէլի միջեւ: Տարիներ ետք Վարդոյի հայ աշիրէթը ամբողջութեամբ կու գայ Պոլիս եւ անկէ կը գաղթէ Պելճիքա:
Ճանապարհը մեզ կը տանի Խնուս գաւառի գոգաւորութիւնը: Գաւառը մաս կը կազմէ Էրզրումի վիլայէթին: Ալպեան մարգագետիներ, բերրի հողեր, ջրառատ տարածք: Արեւմտեան կողմը Բիւրակնի ( Պինկէօլի ) բարձրունքն է ուրկէ կը բխին Արաքսը եւ Արածանին: Խնուսէն ետք մեզ կը սպասէ Բասէնի դաշտը եւ Հովուի կամուրջը:
“Հովուի կամուրջը” Բասէնի դաշտի վերջաւորութեան է: Կառուցուած է Վաղարշակ Բ. Արշակունի թագաւորի օրոք 183-190 թուականինին: Կ՚ըսուի թէ բազում շինարար մասնագէտներու ձախողումէն ետք, հովիւ մը յաջողած է կառուցել զայն: Թուրքերէն անունն ալ նոյն իմաստը ունի եւ կը կոչուի, “Չոպան տէտէ քէօփրուսու “ : Լայն է եւ երկար, քանի մը թռիչքներով, որոնց լայն ամրութիւներուն մէջ կան թաքստոց սենեակներ, ուր անհրաժեշտութեան պարագային կարելի էր զետեղել մի քանի տասնեակ մարտիկներ, որոնք թշնամու դէմ դուրս գալով պիտի խոչընդոտէին անոնց անցումը: Կամուրջը Արաքս եւ Մնձուր գետերու միացման կետին վրայ է: Քանի մը քիւրտ ձկնորսներու հետ խօսելէ ետք, ճանապարհը շարունակեցինք դէպի Սարիղամիշի անտառները: Հայկական բարձրավանդակի անտառապատ այն քիչ վայրերէն է Սարիղամիշի այս տարածքը: Շրջանը յայտնի եղած է իր փայտամշակման ձեռնարկութիւններով: Սարիղամիշը յայտնի է առաջին աշխարհամարտին հոն տեղի ունեցած ռուս-թուրքական ճակատամարտով որուն կը մասնակցէին նաեւ հայկական կամաւորական ջոկատներէն մին Քեռիի հրամանատարութեամբ: Թրքական բանակին սկզբնական յաջողութիւններուն կը յաջորդէ ռուսական վերջնական յաղթանակը: Թուրքերը ամէն ինչ հաշուի առած էին բացառութեամբ Հայկական բարձրավանդակին խստաշունջ ձմրան: 1914 Դեկտեմբերի սկիզբէն մինչեւ 1915 Յունուարի սկիզբ երկարող ժամանահատուածին ընթացքին, թրքական 90 000 հաշուող բանակին 80000ը բառին իսկական առումով, ուղղակի ցրտահարուելով մահացած էին: Ոլորապտոյտ ճանապարհով խիտ անտառներու միջով կ՚իջնենք դէպի Կարսի սարահարթ: 30 քիլոմեթր դէպի հիւսիս արեւելք, Կարս քաղաքն է:
Վերջապէս քաղաք մտնելով, առաջին հերթին կանգ առինք Չարենցի տան մօտ: Տան տեղ կայ միայն ծառ մը, որ նախապէս ալ աճած էր այդ տան բակին մէջ: Նախկին քաղաքապետը իր վերընտրութիւնը ապահովելու համար տեղւոյն ազերիներուն ձայները շահելու նպատակով, տունը քանդել տուած էր, պատճառաբանելով թէ հոն թմրամոլներու որջ եղած էր: Յաջորդ վայրը Վարդանի կամուրջն էր, որ քաղաքի Կարս գետի վրայ կառուցուած չորսէն մէկն է: Հայերս շուտով պիտի մտածէինք թէ կամուրջին անունը ինչ որ կապ ունեցած ըլլալու է Մամիկոնեաններու հետ. ուրիշ ուրկէ՞ Վարդան…. Իրականութեան մէջ ան կապուած է Վարդան անունով գիժ երիտասարդի մը հետ, որ օրն ի բուն կամուրջին մէկ ծայրէն միւսը կ՚երթեւեկէր: Այդպէս, օր մըն ալ երկու երիտասարդներ իրար հետ տեսնուելու նպատակով, ժամադրուած էին այդ կամուրջին վրայ իրար հանդիպիլու եւ ինչպէս՞ անուանէին այն եթէ ոչ “ Վարդանի կամուրջ “….: Այդ օրուընէ մինչեւ այսօր քաղաքի բնակչութեան համար ան կը կոչուի այդ անունով:
Քաղաքը առաջին հայեացքով մեզ կը յիշեցնէ Գիւմրին իր ճարտարապետութեամբ: Տիրական է Կարսի բերդի տեսքը քաղաքին վրայ: Քաղաքի բնակչութիւնը կը հաշուէ մօտ հարիւր հազար, որու մեծամասնութիւնը քիւրտեր են. Կան նաեւ թուրքեր, գարափափախներ եւ վերջին երեսուն տարիներուն Ատրպէյճանի Նախիջեւանի մարզէն տեղափոխուած ազերիներ: Մնացեալը՝ իրենք զիրենք տեղացիներ յորջորջող փոքրամասնութիւն մը, որոնք շատ հաւանաբար հայկական ծագումը քողարկողներ են:
Բերդը կարելի չէ դիտել առանց անձկութեան եւ յուզումի: Տխուր պատմական իրադարձութիւններով է յայտնի: Անառիկ է ան բարձր եւ ամրակուռ պարիսպներով իսկ արեւելեան կողմը խոր կիրճի վրայ նայելով, սակայն ան ինկած էր առանց փամփուշտ մը կրակելու թրքական բանակին վրայ, Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ճիշտ հարիւր տարի առաջ՝ 1920 ին եւ ինչ՜ զարմանալի զուգադիպութեամբ 42 օրեր շրջապատման մնալէ ետք: Կը բարձրանանք վերեւ, ուրկէ կը բացուի քաղաքի համայնապատկերը, իր գետով եւ չորս կամուրջներով: Բերդի հարեւանութեամբ՝ ճիշդ ներքեւը, Կարսի Առաքելոց եկեղեղեցին է, որ վերածուած է մզկիթի, թէեւ առանց մինարէթի: Ներս պէտք է մտնել առանց կօշիկներու: Մզկիթը կը կոչուի Kumbet Jami, այսինքն գմբէթաւոր մզկիթ:
Կարսը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ մեր վրայ: Այնքան նման էր անոր անկումը Արցախի եւ Շուշիի անկման եւ այնքան տարբեր: Կարսը ինկած էր առանց դիմադրութեան, համայնավար գործակալներու դերակատարութեամբ երբ դիմադրող հայ զինուորներուն դիմադրականութիւնը ջլատած էին քարոզելով թէ համայնավար կարգեր հաստատելով մենք պիտի փրկուէինք: Ի վերջոյ բերդը պաշտպանողները զէնքերը վար դրած էին հակառակ հրամանատար Մազմանեանի կռուելու թախանձագին յորդորներուն, թէ մենք աւելի ուժեղ էինք թրքական բանակէն թէ՛ դիրքային առաւելութեամբ, թէ՛ թուական եւ զինական առաւելութեամբ: Հրամանատարը տեսնելով զինուորներուն անձնատուութեան պատրաստակամութիւնը, տեղւոյն վրայ անձնասպան եղած էր: Տարբեր էր Արցախի անկումէն, որովհետեւ ճիշդ հարիւր տարի ետք, 44 օրերու թէժ մարտերէ ետք, թշնամու թուական եւ զինական անհամեմատ առաւելութեանց, նաեւ որոշ դաւաճանական քարոզչութեանց (թէ հողերը ծախուած են ու կռուիլը անիմաստ) հետեւանքով, ճակատի շատ դիրքեր փուլ եկած էին:
Ընթրելու ժամն էր: Քաղաքի կեդրոնը գտնուող ճաշարան մը մտանք: Դէմի բոլոր տուները հին հայկական էին: Վերջին պահուն, ճաշարանի տիրոջ հետ խօսքի բռնուեցայ: Հարցուցի դէմի տուներուն մասին. Ժպիտով ըսաւ թէ շատ հին էին- դէ գիտես՝ այդ ժամանակ ռուսերը հոս էին- Երեւի երկուքս ալ մեր սահմանները չէինք անցներ, թէեւ գիտէինք ինչի մասին կը խօսէինք, ապա նոյն ժպիտով, քիչ մը կարծես յանցաւոր զգալով, կամ ինծի այդպէս թուեցաւ, ըսաւ - դէ գիտես ճարտարապետները հայեր էին….:
Առաւօտեան ժամը երեքին, Երեւան էինք:
Աւօ Պօղոսեան