image

«Միակ Արեւմտեան Ատրպէյճանը կը գտնուի Իրանի տարածքին մէջ». ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան

«Միակ Արեւմտեան Ատրպէյճանը կը գտնուի Իրանի տարածքին մէջ». ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան

Միակ Արեւմտեան Ատրպէյճանը կը գտնուի Իրանի տարածքին մէջ (Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը, ուր կ՚ապրին էթնիք թիւրքեր. խմբ)։ Այս մասին X-ի մէջ գրած է ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին` հրապարակելով Արեւմտեան Ատրպէյճան նահանգի քարտէզը։

«Միակն ու անկրկնելին»,– հրապարակման կից գրած է Ֆրանսայի դեսպանը։

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը պաշտօնական մակարդակով կը քարոզէ եւ կը տարածէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» թեզը`յայտարարելով, որ այն կը գտնուի Հայաստանի տարածքին մէջ։ Աւելին՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ ստեղծուած է «Արեւմտեան Ատրպէյճան» վերադառնալու նախաձեռնող խումբ։ Հայաստանն այս ամէնը կը համարէ ոտնձգութիւն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ։