ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Արեւելեան Միջերկրականի վերջին զարգացումներու վերաբերեալ։ Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․
«Ուշադիր կը հետեւինք Թուրքիոյ ապօրինի եւ սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով Եգէական եւ Արեւելեան Միջերկրական տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն եւ նաւատորմային զօրահաւաքին: Արեւելեան Միջերկրականի այս ապակայունացնող կեցուածքը ցոյց կու տայ Թուրքիոյ՝ իր հարեւան տարածաշրջաններուն մէջ հետեւողականօրէն վարուող յարձակողական եւ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը:
Մենք կը վերահաստատենք Հայաստանի անվերապահ աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը Յունաստանին եւ Կիպրոսին եւ կոչ կ'ուղղենք Թուրքիոյ, քայլեր ձեռնարկելու լարուածութիւնը նուազեցնելու ուղղութեամբ, յարգելու միջազգային իրաւունքը եւ դադրեցնելու Յունաստանի եւ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիներու մէջ բոլոր գործողութիւնները»: