image

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնը կը նախաձեռնէ իր սեփական շէնքի գնման

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնը կը նախաձեռնէ իր սեփական շէնքի գնման

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ յետ ամիսներու տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքի, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը հասած է իր սեփական շէնքին գնման հանգրուանին: Նախատեսուած կեդրոնը կը գտնուի Կլենտէյլի հայահոծ շրջանին մէջ, հետեւեալ հասցէին՝ 1522 Cañada Blvd, Glendale, CA 91208

Նշեալ կեդրոնը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ Համազգայինի գործունէութեան առաւել ծաղկման եւ բարգաւաճման: Մեր նպատակն է, որ  Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող  գեղարուեստական միաւորները՝ գրական, թատերական, երգչախումբ, պարախումբ, կերպարուեստի եւ աւանդոյթներու, համախմբուին մէկ ծածկի տակ, իրենց փորձերը եւ ձեռնարկները, ելոյթները եւ դասախօսութիւնները համակարգեն իրե՛նց տան մէջ, այլեւ ընթացք տան նոր ծրագիրներու եւ հետզհետէ ընդարձակեն աշխատանքային իրենց հորիզոնները՝ իրենց կարեւոր նպաստը բերելով հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման ընդհանուր գործին:     

Արդարեւ, ցնծութեան մէջ է Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Համազգայինի մեծ ընտանիքը: Եւ արդա՛ր է իր ցնծութիւնը, որովհետեւ տասնամեակներու երազ մըն է, որ կ՛իրականանայ: Առ այս, մեր ակնկալութիւնն է, որ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացողներ եւս մասնակից ըլլան մեր ուրախութեան եւ իրենց նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը չզլանան Շրջանային վարչութեան ծրագիրներուն, որպէսզի գալիք հայ նոր սերունդներ եւս առիթը ունենան հայկական ոգիով ու բարձր մշակոյթով լեցնելու իրենց եւ իրենց սիրելիներուն կեանքերը: Բոլորիս աչքը լո՛յս:      

Յայտնենք, որ նոր կեդրոնին վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պարբերաբար կը փոխանցենք մամուլով եւ ընկերային ցանցերու միջոցով:

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ