image

«Պրիքս» պիտի քննարկէ տարածաշրջանային հակամարտութիւնները

«Պրիքս» պիտի քննարկէ  տարածաշրջանային հակամարտութիւնները

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը ելոյթ ունեցած է «Պրիքս»-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ գագաթնաժողովի նեղ կազմով հանդիպման։ Ան մասնակիցներուն առաջարկած է քննարկել միջազգային օրակարգի հարցեր, այդ շարքին՝ տարածաշրջանային սուր հակամարտութիւններու լուծումը։

Փութինի խօսքով՝ «այս տարի ամէն ինչ ի գործ դրուած է, որ մեծնայ «Պրիքս»-ի դերը համաշխարհային եւ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներու լուծման գործին մէջ», գրած է kommersant.ru-ն։ 

«Այժմ, նեղ կազմով հանդիպման ժամանակ մենք կ՚առաջարկենք դիտարկել ընդհանուր օրակարգի ամենաարդիական երեսակները, կարծիքներ փոխանակել միջազգային ասպարէզի մէջ «Պրիքս»-ի երկիրներու համագործակցութեան թեմայի շուրջ, ներառեալ սուր տարածաշրջանային հակամարտութիւններու լուծումը», -ըսած է Փութինը:

Հանդիպման մասնակցած են Եգիպտոսի նախագահ Ապտել ֆաթթահ Սիսին, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը, Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մուհամմետ պըն Զայէտ Ալ Նահեանը, Եթովպիոյ վարչապետ Ապի Ահմետը, Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Սիրիլ Ռամաֆոսան եւ Պրազիլիոյ արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Լուիս Իէքեր Վիէյրան:

Քազանի մէջ «Պրիքս»-ի գագաթնաժողովը մեկնարկած է երէկ՝ հոկտեմբեր 22-ին, այն պիտի տեւէ երկու օր։ Կ՚ակնկալուի, որ միջոցառման ներկայ պիտի ըլլան 24 պետութիւններու ղեկավարներ: Այսօր կայացուած է «Պրիքս»-ի անդամ երկիրներու նեղ ու ընդլայնուած կազմով հանդիպումներ։ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովն ըսած է, որ գագաթնաժողովի ամփոփիչ հռչակագիրը պիտի արտացոլէ «Պրիքս»-ի անդամ երկիրներու դիրքորոշումը Ուքրանիոյ ռազմական հակամարտութեան վերաբերեալ։