Օրերս, հիւրընկալութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շիքակօ մասնաճիւղին, տեղի ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանային 34-րդ բանակումը, որուն Արեւելեան Շրջանի նահանգներէն 6 մասնաճիւղերէ իրենց մասնակցութիւնը բերած են 65 սկաուտներով:
Բանակումին յայտագիրը բաղկացած էր տարբեր տեսակի դաստիարակչական եւ մարզական ծրագիրներով:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանային 34-րդ բանակումը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 7-11-ին, հիւրընկալութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շիքակօ մասնաճիւղին:
Արեւելեան Շրջանի նահանգներէն 6 մասնաճիւղեր իրենց մասնակցութիւնը բերին 65 սկաուտներով: Բանակումին յայտագիրը բաղկացած էր տարբեր տեսակի դաստիարակչական եւ մարզական ծրագիրներով:
Առաջին օրը, սկաուտները կատարեցին ժայռ մագլցում (rock-climbing) եւ խմբային մարզախաղեր, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան կարեւոր դասախօսութեան մը, որ կը ներկայացնէր Հ․Յ․Դ․ եւ քոյր կազմակերպութիւններու պատմութիւնը: Երեկոյեան, երէցներն ու պարմանուհիները շատ հաճելի խարուկահանդէս մը կազմակերպած էին մեր սկաուտներուն համար:
Բանակումին երկրորդ օրը տրամադրուած էր աշտարակ շինելու: Առաջին հերթին վերյիշեցին հանգոյց կապելու հիմնական ձեւերը, ետքը աշտակակը ծրագրելու տարբեր գաղաբարները: Կէսօրէ ետք, Հ․Յ․Դ․-ի Կեդրոնակն Կոմիտէի անդամ՝ Մարալ Աբրահամեանը դասախօսութիւն մը տուաւ Հ․Յ․Դ․ կազմակերպութեան մասին: Երկրորդ երեկոյեան խարուկահանդէս կազմակերպած էին արիները:
Երրորդ օրը, մեր սկաուտները ամբողջացուցին իրենց աշտարակը, որմէ ետք մասնակցեցան հետաքրքրական «ռելի»-ի մը բանակավայրին շուրջ: Անցեալ երեկոներուն նման, օրը աւարտեցաւ խարուկահանդէսով, այս անգամ կազմակերպուած Արենոյշներուն կողմէ:
Չորրորդ օրը սկսաւ «ռելի»-ի յաղթականներու յայտարարութիւնով, որմէ ետք կային տարբեր տեսակի հետաքրքրական դասախօսութիւններ: Կէսօրէ ետք, սկաուտները կազմեցին ապարանջաներ իբրեւ յիշատակ այս բանակումէն: Այդ երեկոյեան տեղի ունեցաւ վերջին խարուկահանդէսը մասնակցութեամբ բոլոր սկաուտներուն, ներկայութեամբ Շիքակոյի համայնքին:
Խորին Շնորհակալութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շիքակոյի մասնաճիւղին, որ կազմակերպեց մեր այս տարուայ Շրջանային Բանակումը: 2026-ի շրջանային բանակումը տեղի պիտի ունենայ Պոսթըն:
Մասնակցողներու վկայութիւններ.-
Մեղրի Ակիլեան (Ուաշինկթըն)
Որպէս առաջին անգամ առաջնորդ, Շրջանային Բանակումի փորձառութիւնը տարբեր էր առաջնորդի տեսանկիւնէն: Ես շատ սորվեցայ, թէ ինչ կը նշանակէ առաջնորդ ըլլալ: Շատ հաճելի էր մօտէն ծանօթանալ իմ քոյրերուս եւ եղբայրներուս, ժայռ մագլցիլ, երգեր երգել, կատակներ ընել, պարել, աշտարակ շինել, եւ Հ․Յ․Դ․-ի մասին դասախօսութիւններ լսել: Ամենահաճելի պահերն էին երբ խարուկահանդէս պատրաստեցինք հետաքրքրական կանչերով եւ ծիծաղելի թատերգութիւններով: Մեր այս փորձառութիւնն ու բարեկամութիւնը պիտի մնայ առ յաւէտ եւ անհամբեր կը սպասենք յաջորդ տարուայ բանակումին:
Գարին Մարգարեան (Ուաշինկթըն)
Ասիկա իմ չորրորդ շրջանային բանակումս էր ու երկրորդը իբրեւ արենոյշ: Իսկապէս ուրախութիւն էր ինծի համար քոյր արենոյշներուն հետ կապերս զօրացնելու: Իմ քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ «ռելի»-ի մասնակցելու փորձառութիւնս շատ հաճելի էր: Մեծ ուրախութիւն էր մասնակցիլ բոլոր ծրագիրներուն եւ յատկապէս առաջին մրցանակ ստանալը: Կանչերը, երգերն ու խարոյկի շուրջ հաւաքները անմոռանալի են: Անհամբեր կը սպասեմ յաջորդ տարուայ բանակումին:
Թիֆընի Արւեստեան (Պոսթըն)
Բանակումի ամենալաւ յիշատակս է երբ արիները եւ արենոյշները երէցներուն հետ կանչեր կ’երգէին դրօշակի արարողութենէն առաջ: Շատ հաճելի էր այս տարուայ բանակումը որովհետեւ ուրախութեան եւ դժուարութիւններու ընթացքին բոլորս միասին էինք: