image

Կարեւոր ներդրում ի նպաստ ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի Համազգայինին. Սթամպուլեան բարերար ընտանիքը առաջատար

  Կարեւոր ներդրում    ի նպաստ  ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի Համազգայինին. Սթամպուլեան բարերար ընտանիքը առաջատար

Օրերս, Հոլիվուտի մէջ տեղի ունեցած է Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի կալա-ընթրիքը, որուն ընթացքին կատարուած է իւրայատուկ նուիրահաւաք, եւ Համազգայինի սեփական կեդրոնի ի նպաստ հանգանակուած է 2 միլիոն 100 հազար տոլար:

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`  

Կիրակի, 13 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային համալիրի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի կալա-ընթրիքը: Համախմբուած էին առաւել քան 500 հիւրեր, որուն ընթացքին կատարուեցաւ իւրայատուկ նուիրահաւաք, եւ Համազգայինի սեփական կեդրոնի ի նպաստ հանգանակուեցաւ 2 միլիոն 100 հազար տոլար:

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ կեդրոնի մեծագոյն նուիրատուներն են տէր եւ տիկին Արիս եւ Անճէլա Սթամպուլեանները՝ 1 միլիոն ամերիկեան տոլար, ու տէր եւ տիկին Ալպէր եւ Թէրրի Պէզճեանները՝ 500 հազար տոլար, ի յիշատակ իրենց մօր Ալիս Պէզճեանի: 

Ապագայ սերունդին համար Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի մշակութային կեդրոն մը ունենալու երազը իրականացնելու ճամբուն վրայ կազմակեպուած ձեռնարկը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ շնորհիւ ազնիւ եւ մեծասիրտ բարերարներուն: 

Նոր կեդրոնը պիտի կոչուի «Համազգայինի Սթամպուլեան Մշակութային Կեդրոն», իսկ հանդիսարահը եւ ցուցասրահը պիտի կոչուին Ալիս Պէզճեանի յիշատակին: