Հայաստան- Հայաստանի մէջ իրականացուող Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերու կոմիտէի եւ պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներն ու հիւրերը այսօր առաւօտեան այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղիկներ դրած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը խորհրդանշող անմար կրակի մօտ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։Հիւրերը նաեւ այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նորաբաց ցուցասրահ, ուր հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան ներկայացուցած է ցուցանմուշները, բացառիկ լուսանկարներն ու տարեգրութիւնները: