image

Ապու Տապի. Մաժէտ Կոստանդին եւ Ալիք Թապաքեան այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան. Հիւրերն ընդունած է Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

Ապու Տապի. Մաժէտ Կոստանդին եւ  Ալիք Թապաքեան այցելեցին  Ազգային Առաջնորդարան. Հիւրերն ընդունած է Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

Օրերս  Հայց.  Առաքելական Եկեղեցւոյ  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու , Քաթարի եւ շրջակայից  թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, ընդունեց Լիբանանէն ժամանած Տիար՝ Մաժէտ Կոստանդինը, որուն կ’ընկերանար Տիկ. Ալիք Թապաքեանը։ Այցի նպատակն էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վերջերս հրատարակուած «Forget Me Not Siroun Ararat» հատորի մատուցումը՝  Սրբազան  հօր։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄԷ-ի Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Ուրբաթ 30 Մայիս 2025-ի առաւօտուն, Արաբական Միացեալ Էմիրութեան, Քաթարի եւ շրջակայից Հայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, ներկայութեամբ Ապու Տապիի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Հոգշ՝ Վիգէն Վրդ. Տալքըլըճեանին, ազգային կեդրոնական վարչութեան համա-ատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Մահսերէճեանին, եւ ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Պրն. Յակոբ Արսլանեանին, ընդունեց Լիբանանէն ժամանած Տիար՝ Մաճէտ Կոստանդինը, որուն կ’ընկերանար Տիկ. Ալիք Թապաքեանը։

Այցելութեան հիմանական նպատակն էր, Սրբազան Հօր նուիրել, վերջերս Լիբանանի մէջ լոյս տեսած «Forget Me Not Siroun Ararat» մանկապատանեկան հատորը, ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը աւելի մատչելի եւ բացատրողական ներկայացնելու, յատկապէս մանկապատանեկան ոճով, նոր սերունդը դաստիարակելու 21-րդ դարու արդիականացած մեթոտներով Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը։

Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց պատրաստուած մանկապատանեկան գիրքին բովանդակութիւնը. յայտնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան քարոզչական

աշխատանքերէն ներս, 21-րդ դարու արհեստագիտութենէն օգտուելով, մեծ ներդրում պիտի ունենայ այս հատորը, ոչ թէ միայն Հայ պատանիներու կեանքէն ներս, այլ՝ ընդհանրապէս նոյն տարիքի պատկանող սերունդին, մասնաւորաբար հայերէնի կողքին նաեւ պատրաստուած ըլլալով Անգլերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներով։

Այս առիթով Սրբազան Հայրը այցելուներուն ներկայացուց, թեմի ընդհանուր աշխատանքները, մանկապատանեկան ծրագիրները ինչպէս նաեւ խոստացաւ, որ այս

գիրքը վերամուտին տրամադրուի, Թեմէն ներս գործող ազգային միօրեայ վարժարաններու աշակերտութեան։

Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը, Պրն. Կոստանդինին նուիրեց Վեհափառ Հայրապետին The Armenian Church գիրքին Արաբերէն թարգմանուած հատորէն օրինակ մը։