image

Հալէպի տնտեսական անկումը

Հալէպի տնտեսական անկումը

Սուրիոյ պատերազմը փոխեց երկրի հիւսիսային շրջաններու քաղաքական եւ տնտեսական քարտէզը։ Հալէպ քաղաքը, որ հիւսիսի մայրաքաղաքը կը համարուէր, կ'ապրի տնտեսական անկում։ Անցած տասը տարիներու ընթացքին, քաղաքը կորսնցուց իր մարդկային ներուժը, շրջանառուող դրամագլուխը եւ արդիւնաբերական ենթակառուցուացքի զգալի մասը։ Այժմ ի յայտ եկած է նոր տնտեսական կարգ, որ մեծ մասամբ կապուած է հարեւան Թուրքիոյ տնտեսութեան հետ։ Այս նոր իրականութեան ներքոյ, Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու տնտեսական մայրաքաղաքը ոչ թէ Հալէպն է, այլեւ Ղազիանթէպը (Այնթապը)։

Պատերազմէն առաջ, Հալէպ քաղաքը տարածաշրջանի եւ երկրի մակարդակով ամենակարեւոր տնտեսական քաղաքներէն մէկն էր։ 2010-ին Հալէպ նահանգը կ'ապահովէր երկրի Համախառն ներքին արդիւնքի 24% տոկոսը (մօտաւորապէս Հայաստանի ՀՆԱ-ի չափ, որ 2010-ին կը կազմէր $9.26 միլիառ տոլար)։ Այդ տնտեսութեան հիմքը արդիւնաբերութիւնն էր։ Այնտեղ կը գործէին մօտ 3,000 արդիւնաբերական հաստատութիւններ։ Հալէպը նաեւ վաճառականական կեդրոն էր։ Ի դէպ, քաղաքի Առեւտուրի Պալատը տարածաշրջանի ամենահիներէն մէկն է եւ կը գործէ 1985-էն ի վեր։ Վաճառականները ոչ միայն տեղական ապրանքը կ'արտահանէին, այլեւ կը ներմուծէին աշխարհի տարբեր շուկաներէն։ Ապրանքները հազարաւոր քիլոմեթրեր հատելով, կ'անցնէին սուրիական սահմանը, կեդրոնանալով Հալէպ, կրկին կը վերաբաշխուէին տեղական շուկայի մէջ։ Սուրիական պատերազմի ընթացքին Հալէպը կորսնցուց իր այդ իշխող դերը։

2012 Թուականէն ի վեր Հալէպ քաղաքը արդէն մեծապէս անջատուած էր իր աշխարհագրական խորքէն՝ զրկուած էր տնտեսապէս կարեւոր յարակից քաղաքներէն ու գիւղերէն, արդիւնաբերական հաստատութիւններէն ու պահեստներէն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ սահմանային անցակէտերէն։ Այդ ուղղակի պատճառ դարձաւ քաղաքի վաճառականներու եւ արդիւնաբերողներու հեռացման։ Առեւտուրի Պալատի տուեալներուն համաձայն՝ քաղաքի վաճառականներու կէսը արդէն 2018-ին լքած էին երկիրը։ Ոմանք վերահաստատուեցան իշխանութեան տիրապետութեան տակ գտնուող քաղաքներու մէջ (յատկապէս Լաթաքիա եւ Դամասկոս)։ Ուրիշներ մեկնեցան արտերկիր (յատկապէս Թուրքիա)։ Ոմանք ալ տեղափոխուեցան թրքական սահմանին մօտ գտնուող սահմանամերձ քաղաքներ ( որոնք կը գտնուէին տարբեր ընդդիմադիր ուժերու հսկողութեան տակ) ։

Այս զգալի փոփոխութիւնները ձեւաւորեցին նոր տնտեսական քարտէզ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, փոխելով տարածաշրջանի առեւտրական ճանապարհները եւ կեդրոնները։ Նոր տնտեսութիւնը կախեալ էր Թուրքիայէն։ Դեռ 2011-էն առաջ, Սուրիա արտահանման հարցով մեծցուցած էր Անգարայի տնտեսական դերը։ 2010-ին $1.84 միլիառ տոլարի արժողութեամբ թրքական ապրանք մտած է Սուրիա, կազմելով ընդհանուր ներմուծման ծաւալի 9,5% տոկոսը։ Հակառակ որ այդ ժամանակ Հալէպի արդիւնաբերութիւնը տուժեց, սական չքայքայուեցաւ։ 2012 թուականէն վերջ իրավիճակը տարբեր էր։ Թրքական ապրանքը հեղեղեց յատկապէս իշխանական ուժերու հսկողութենէն դուրս գտնուող շրջանները։ Սուրիացի ճամբորդի մը բնութագրմամբ այդ օրերուն «նոյնիսկ սուրիական արտադրութեան պիսքուիթ մը (թխուածք) չկար Իտլիպի մէջ»։

Թուրքիա տեղափոխուած սուրիացի վաճառականները եւ արդիւնաբերողները մեծ դեր կը խաղան տնտեսութեան մէջ։ 2019 թուականին սուրիական դրամագլուխը թրքական դրամատուներուն մէջ մօտ $4 միլիառ ԱՄՆ տոլար կը կազմէր։ Կարգ մը գործարանատէրեր իրենց դրամագլուխէն զատ, իրենց գործարանները քակելով, զանոնք տեղափոխեցին Թուրքիա։ Անցած տարիներու ընթացքին սուրիացի գործարարներու նոր խաւ մը առաջացաւ Թուրքիոյ մէջ։ Անոնց համար Այնթապը կարեւոր կեդրոններէն մէկն է, իսկ Հարաւային Թուրքիոյ մէջ՝ ամենակարեւորը։

 



 

 

Այս նոր տնտեսութեան համար կարեւոր էր ոչ միայն արտադրութիւնը, այլեւ ապրանքներու ներկրումը արտահանումը դէպի Սուրիա։ Նոր տնտեսական կեդրոններ դարձան սահմանամերձ քաղաքները։ Անոնցմէ ամենակարեւորը Սարմատա քաղաքն էր՝ Պապ Ալ-Հաուա անցակէտի հարեւանութեամբ։ Այսինքն, եթէ նախքան պատերազմը Հալէպ քաղաքն էր Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու առեւտրաշրջանառութեան կեդրոնը, ապա պատերազմէն ետք այդ դերը փոխանցուեցաւ Սարմատային եւ անոր նման սահմանամերձ այլ քաղաքներուն։ Այն քաղաքները եւ շրջանները, որոնք նախապէս Հալէպի շուկան կը համարուէին, պատերազմի ընթացքին իրենց ուղղութիւնը փոխեցին դէպի Սարմատա։ Այսպէս կոչուած, «Իսլամական պետութեան» ենթակայութեան տակ գտնուող Ռաքքա եւ Տէր Ալ-Զօր քաղաքները իրենց սննդամթերքը կը ստանային Սարմատայէն եւ ոչ թէ՝ Հալէպէն։

 



 

Այս իրավիճակը դարձեալ նախկինին դարձնելը կապուած է կարգ մը հանգամանքներու հետ, որոնք այժմ շատ անհաւանական կը թուին։ Նախ եւ առաջ Հալէպի յարակից տարածքները, ներառեալ Թուրքիոյ հետ սահմանը պէտք է վերադառնան Դամասկոսի վերահսկողութեան տակ։ Առանց քաղաքական համաձայնութեան, որ նկատի կ'առնէ Անգարայի շահերը, պետական զօրքերու վերադարձը սահմանային շրջաններ անհաւանական է։

 



 

Նոյնիսկ, եթէ այս պայմանը իրականանայ, Հալէպի նախկին կարողութիւնը վերադարձնելու համար հարկաւոր են նաեւ մեծ ներդրումներ՝ մասնաւոր եւ պետական մարմիններու կողմէ։ Երկրին այսօրուան իրավիճակը չի ներեր այդպիսի ծրագրի մը իրականացումը։ Անցած տասը տարիներու ընթացքին պետական պիւտճէն նուազած է $18 միլիառէն $3.8 միլիառ տոլարի: Իսկ մասնաւոր ներդնողի համար Սուրիան դարձած է անկանխատեսելի երկիր, ուր երկարաժամկէտ ներդրում ընելը վտանգաւոր է (յատկապէս, որ Դամասկոսը ծանր պատժամիջոցներու տակ է)։



 

 

Դրամագլուխի բացակայութենէն զատ, կան խանգարող շատ այլ տարբեր հանգամանքներ. հմուտ աշխատուժի արտագաղթ, ենթակառուցուածքի վերականգնման կարիք, անապահով միջավայր եւ այլն։ Երկար տարիներ անց, թերեւս Հալէպը կը կարողանայ վերագտնել իր դիրքը, որպէս տարածաշրջանի տնտեսական հանգոյց։ Սակայն այժմ, այս հինաւուրց մեթրոպոլիսը կը վայելէ պատմութեան դաժան հեգնանքը, երբ Այնթապը, նախապէս Օսմանեան Հալէպ նահանգի ենթակայ քաղաքներէն մէկը, դարձած է տարածաշրջանի առաջատար տնտեսական կեդրոնը. Կեդրոն մը, որուն ծաղկման կը նպաստեն իր՝ Հալէպի «քաղաքացիներ»ը։

 


Արմենակ Թոքմաճեան

Արմենակ Թոքմաճեան

Արմենակ Թոքմաճեանը «Քարնէկի» Հիմն...