image
Հրատապ լուրեր:

Սա տնտեսական յեղափոխութիւն է, եւ մենք պիտի յաղթենք. Թրամփ

Սա տնտեսական յեղափոխութիւն է, եւ մենք պիտի յաղթենք. Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու բոլոր 50 նահանգին մէջ աւելի քան 1400 բողոքի ցոյց կայացած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ անոր գործընկեր, միլիառատէր Իլոն Մասքի քաղաքականութեան դէմ: Ընդհանուր առմամբ՝ «Ձեռքերդ հեռու» կարգախօսով ցոյցերուն մասնակցած է մօտ 600 հազար մարդ, յայտնած է CNN-ը։ 

Սա ամենամեծ համազգային ցոյցն է՝ Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձէն ետք:

Ըստ Associated Press-ի եւ Reuters-ի՝ ցոյցերը կազմակերպած են 150 տարբեր հասարակական խումբեր: Հանրահաւաքներէն առաջ կազմակերպիչները Թրամփին ներկայացուցած են երեք հիմնական պահանջ՝ վերջ տալ «միլիառատէրերու կողմէ իշխանութեան զաւթման», դադրեցնել ընկերային ծրագրերու եւ Medicaid-ի դաշնային ֆինանսաւորման կրճատումներն ու փոքրամասնութիւններու վրայ յարձակումները: Հանրահաւաքներու մասնակիցները դէմ արտայայտուած են նաեւ տասնեակ հազարաւոր պետական ​​աշխատողներու կրճատումներուն եւ դաշնային գերատեսչութիւններու փակման:

Բողոքի ցոյցերէն մէկը տեղի ունեցած է Ֆլորիտայի մէջ՝ Թրամփի Մար-ա-Լակոյի նստավայրէմ 6 քիլոմեթմ հեռու, ուր նախագահը նախապէս ժամանած էր կոլֆ խաղալու։

Թրամփ անմիջապէս չի մեկնաբանած հանրահաւաքները։ Truth ընկերային ցանցի իր էջին միջոցաւ ան միայն զգուշացուցած է ամերիկացիները, որ միւս պետութիւններու ապրանքներու համար ԱՄՆ-ի մաքսատուրքերու սահմանումէն ետք դժուար ժամանակներ պիտի սկսին: Միաժամանակ ան վստահեցուցած է. «Սա տնտեսական յեղափոխութիւն է, եւ մենք պիտի յաղթենք, համբերեցէք, վերջնարդիւնքը պատմական պիտի ըլլայ»: