Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025-ի, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս յիշատակուեցած է Ծաղկազարդի տօնը։
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։ Պատարագին ներկայ գտնուած են Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ ժողովուրդի խուռներամ բազմութիւն:
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ թեմի դիմատետրեան էջէն:
Ստորեւ հրապարակուած տեղեկատւութիւնը՝
Ծաղկազարդի տօնը հոգեկան ցնծութեան եւ յաղթանակի տօն է ժողովուրդի զաւակներուն համար։
Արդարեւ, Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Ծաղկազարդի տօնը հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ։
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ ժողովուրդի խուռներամ բազմութիւն:
Եկեղեցին յարդարուած էր մեր Տիրոջ եւ Փրկչին յաղթական մուտքը խորհրդանշող ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով։
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօր կազմած մուտք գործեց եկեղեցի: Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան։
Բարշ. բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի ղեկավարութեամբ, եկեղեցւոյ դպրաց դասը Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած հոգեպարար շարականներ երգեց։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Քրիստոս աշխարհ եկաւ որպէս Մեսիա, Թագաւոր եւ Փրկիչ եւ իր երեք տարիներու տնօրինական առաքելութիւնը կատարելէ ետք, Երուսաղէմ յաղթական մուտքով ամբողջացուց Զաքարիա մարգարէին իր մասին ըսած մարգարէութիւնը։
Սրբազան Հայրը օրուան աւետարանական հատուածին ընդմէջէն պարզեց քանի մը ճշմարտութիւններ։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Քրիստոս է ճշմարիտ Թագաւորը, որ աշխարհ եկաւ իր անձը զոհելու եւ յաղթանակ պարգեւելու մարդոց՝ փրկելով զանոնք չարին դէմ պատերազմելով եւ իր թագաւորութիւնը մարդոց սրտերուն մէջ հաստատելով։
Շարունակելով, Մակար Սրբազան ըսաւ, որ Քրիստոս, այո՛ Թագաւոր էր, բայց ոչ թէ երկրաւոր թագաւոր, այլ՝ երկնաւոր Թագաւորն էր, որ աշխարհ խոնարհեցաւ, որպէսզի խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեամբ այդ յաղթանակը ձեռք բերէր, խորտակելով հպարտ չարին գլուխը եւ պատերազմելով մեղքին դէմ՝ մարդը մեղքի եւ մահուան իշխանութենէն ազատագրելով։ Ատոր համար, ան իշու եւ իշու աւանակի վրայ նստած կը մտնէ Երուսաղէմ եւ ո՛չ թէ նժոյգ ձիու վրայ նստած, որպէսզի իրականանայ իր մէջ եւ իրմով Զաքարիայի մարգարէութիւնը (Զք 9.9), որ կ՚ըսէ. «Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիոնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա հեզ է եւ խոնարհ, իշու եւ իշու աւանակի վրայ նստած կու գայ», այս մարգարէութիւնն է որ կը կատարէ։
Սրբազան Հայրը առաւել եւս յիշեցուց, թէ ինչպէս Քրիստոս իր գալուստով մարդը կ՚արձակէ մեղքի, մահուան, անօրէնութեան, հիւանդութեան եւ բոլոր այն կապանքներէն, որոնք արգելք կը հանդիսանան իրեն մօտենալու Աստուծոյ եւ վերականգնուելու իր նախկին պատիւին, վիճակին եւ մտերմիկ սիրոյ յարաբերութեանը մէջ։ Եւ որովհետեւ մարդը կապանքուած եւ շղթայուած էր, խորհրդանշականօրէն իշուն եւ աւանակին պատկերով Աստուած ինք կու գայ, որպէս Տէր, Փրկիչ եւ կը փնտռէ մեղքով կապանքուած իր արարածը եւ զայն կ՚արձակէ իր աշակերտներուն եւ առաքեալներուն միջոցաւ, անոնց տալով քահանայական եւ առաքելական իշխանութիւն՝ մարդիկը իրենց մեղքերէն արձակելու։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի Երուսաղէմ քաղաք մտնելը խորհրդանշականօրէն մեր սրտերէն ներս մտնելն է եւ այնտեղ իր թագաւորութիւնը հաստատելն է, սակայն կը յիշեցնէ, թէ անհրաժեշտօրէն այդ քաղաքը, տաճարը մաքուր պէտք է ըլլայ, ինչպէս ինք կը յայտարարէ, ըսելով, որ հօրս տունը աղօթքի տուն պէտք է ըլլայ, բայց դուք զայն գողերու որջի վերածեր էք։ Եւ Քրիստոս ինք եկաւ իր կենդանի ներկայութեամբ մաքրելու այդ տաճարը։
Հետեւաբար, Քրիստոսի գալուստով եւ ծաղկազարդումով, անհրաժեշտ է, որ մեր սրտերը մաքրուին եւ պատրաստուին, որպէսզի Քրիստոս այնտեղ մուտք գործէ։
Ուստի, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի պատռեն իրենց սրտերը կաշկանդող այդ հաստ վարագոյրը եւ հրաւիրեն Քրիստոս Տէրը, Փրկիչը, Թագաւորը, Խաղաղութեան Իշխանը, Ազատարարը, որ իրենց սրտերուն մէջ իր կենդանի ներկայութեամբ եւ իր խաղաղութեամբ՝ իր թագաւորութիւնը հաստատէ եւ իրմով զիրենք առաջնորդէ դէպի յաղթանակ, խաղաղութիւն, արդարութիւն, սրբութիւն եւ ճշմարտութիւն։
Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ այդ բոլորը տեղի կ՚ունենան խոնարհութեամբ, ինքնագիտակցութեամբ, զղջումի հոգիով, այնպէս ինչպէս առաքեալները իրենց հագուստները փռեցին աւանակին վրայ եւ ժողովուրդը իր զգեստները փռեց ճամբուն վրայ, որպէս խորհրդանիշ ամբողջապէս Քրիստոսը ընդունելու որպէս իր Տէրը, Փրկիչը, Աստուածը, Թագաւորը եւ իր կամքը եւ ողջ էութիւնը անոր ձեռքերուն մէջ դնելու եւ խնդրելու, որ ինք առաջնորդէ զինք։
Նոյնպէս մենք, այսօր մասնակից դառնալով այդ թափօրին եւ ժողովուրդի կատարածին, մեր հին մեղաւոր անձերը փշրենք եւ դնենք Քրիստոսի ոտքերուն առջեւ, մեռցնենք մեր հին մարդը եւ յայտարարենք Քրիստոսը մեր կեանքի Տէրն ու Փրկիչը, Աստուածն ու Թագաւորը եւ խնդրենք, որ ինքը իրմով մեզ նորոգէ, նոր մարդը հագցնէ, այլ խօսքով, զՔրիստոս մարդը հագնինք եւ Քրիստոսով առաջնորդուինք, որպէսզի կարողանանք հաւատացեալներուն հետ Քրիստոսը որպէս ճշմարիտ Աստուած, Փրկիչ եւ Թագաւոր յայտարարելով, ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ ըսել. «Օրհնեա՜լ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Ովսաննա ի բարձունս»։
Սրբազան Հայրը, Ծաղկազարդ տօնին առիթով, շնորհաւորեց Ազգային Իշխանութիւնը, ազգային մարմինները, եկեղեցւոյ քահանայ հայրը, թաղական խորհուրդը, տիկնաց եւ աղքատախնամ յանձնախումբերը եւ դպրաց դասը, մաղթելով, որ Քրիստոսի յաղթական մուտքին ճամբով ծաղկազարդուին բոլորին կեանքերը։
Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մանուկներու օրհնութեան թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի շրջափակը, ուր անդաստանի կարգ կատարեց եւ սուրբ խաչով մանուկները օրհնեց։
Հաւատացեալները ձիթենիի օրհնուած ճիւղեր ստանալով վերադարձան իրենց տուները։