Հայաստան աւելի քան 49 մլն դրամի մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ Սուրիոյ բնակչութեան։ Համապատասխան որոշումն ընդունուած է այսօրուան Կառավարութեան նիստի ժամանակ։
25 մլն դրամը պիտի յատկացուի առողջապահական եւ տարրալուծարանի նիւթերու, իսկ 23 մլն դրամը՝ կենցաղային եւ հանրային սնունդի նիւթերու ձեռքբերման:
Այս նախագիծը կը սահմանէ, թէ ինչպէս պէտք է բաժնուի մարդասիրական օգնութիւնը Սուրիոյ մէջ ճգնաժամէն տուժած մարդոց միջեւ: Օգնութիւնը պիտի տրամադրուի՝ հաշուի առնելով այն, թէ ինչ հիմնական կարիքներ ունին այդ մարդիկ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:
Նախագիծը մշակուած է ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
Հայաստանը հայ-թրքական սահմանի «Մարգարա» անցակէտով Սուրիոյ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած էր նաեւ մարտ 21-ին։