Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Հինգշաբթի, 15 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց ազգային մարմիններու մէջ երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած տիար Յովհաննէս Յակոբեանը եւ իր որդին Յակոբ Յակոբեանը։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան զանազան նիւթեր։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գնահատեց պարոն Յովհաննէսին ծառայասէր ոգին եւ ազգանուէր մօտեցումը եւ արեւշատ ու առողջ տարիներ մաղթեց իրեն եւ իր ընտանիքին։