Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանին եւ համագործակցութեամբ՝ «Together» հաստատութեան, Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ «Ճանչցիր Անձդ Եւ Շուրջիններդ» խորագիրով երիտասարդական սեմինար, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։
Սեմինարը ուղղուած էր 18-30 տարեկան հալէպահայ երիտասարդութեան։
Սեմինարին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հոգեշնորհ հայր սուրբերը, արժանապատիւ քահանայ հայրը, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետը, «Together» հաստատութեան ներկայացուցիչն ու անձնակազմը եւ հալէպահայ մեծաթիւ երիտասարդներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց հալէպահայ երիտասարդները եւ հայրական օրհնութեան իր խօսքը փոխանցեց անոնց։
Այնուհետեւ, «Together» հաստատութեան պատասխանատու տիար Յակոբ Յակոբեան ներկայացուց օրուան նիւթը՝ իւրաքանչիւր անձի անհատականութեան նկարագրային գիծերը։
Զրոյցով, հաճելի խաղերով եւ ճոխ յայտագիրով սրահին մէջ գտնուող երիտասարդները իրարու հետ հաղորդակցելու առիթ ունեցան։
Աւարտին, ներկաները սիրոյ սեղանի շուրջ միասին ընթրեցին, «Անի» ճաշասրահէն ներս։
Յիշենք, որ յառաջիկային, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ եւ Ազգային Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ
երիտասարդները հետաքրքրող թեմաներով նման սեմինարներ պիտի շարունակուին։