image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ. Սարին Թաթոյեան ընդ Յակոբ Ուրիշիկեան ամուսնացեալք

  Հալէպի մէջ. Սարին Թաթոյեան ընդ Յակոբ Ուրիշիկեան ամուսնացեալք

Հալէպէն ուրախալի լուր ստացանք։ 

 

Օրերս ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու, հարազատներու եւ գաղութային մարմիններու ներկայացուցիչներու տեղի ունեցածէ հալէպահայ երիտասարդներ Սարին Թաթոյեանի ընդ Յակոբ Ուրիշիկեանի Սուրբ Պսակի արարողութիւնը։

Արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հալէպի Հայց. Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ արարողութեան աւարտին օրուայ թագաւորն ու թագուհին անցած են ՀՄԸՄ-ական սկաուտներու կողմէ կազմուած կամարին տակէն, առ ի յարգանք Յակոբ Ուրիշիկեանի, որ նուիրական գործունէութիւն իրականացուցած է ՀՄԸՄ-ի շարքերէն ներս (ան ներկայիս Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին Շրջանային Խմբապետի պաշտօնը ունի) եւ զբաղեցուցած տարբեր մակարդակի պատասխանատու պաշտօններ։

Գաղութին մէջ սիրոյ եւ յարգանքի արժանացած երիտասարդները վստահօրէն պիտի կազմեն հայաշունչ բոյն մը, որ նոյնպէս պիտի նպաստէ հայկական Հալէպի ամրացման եւ  հզօրացման։

 Մեր սրտագին շնորհաւորանքները կը յղենք բոլոր հարսնեւորներուն նշելով յատկապէս անունը թերթիս բարեկամուհի եւ հարսին՝ Սարին Թաթոյեանի նուիրեալ մօր՝ Տիկին Լուսին Թերզեանին։

 

Լուրը՝ «Արեւելք»ի