image

Հալէպի մէջ. Կրթասիրացի «Կոմիտասի անուան երաժշտանոց»ի գործադիր մարմինը այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Հալէպի մէջ. Կրթասիրացի «Կոմիտասի անուան երաժշտանոց»ի գործադիր մարմինը այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Օրերս, Հալէպի Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Կոմիտասի անուան երաժշտանոց»ի յանձնախումբը եւ գործադիր մարմինը այցելած է Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Կոմիտասի Անուան Երաժշտանոց»-ի յանձնախումբը եւ Գործադիր Մարմինի ատենադպրուհի օրդ. Լիւսի Տիշոյեան, այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, յանձնախումբի ատենապետ տիար Ռաֆֆի Քէչէճեան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելու տիկ. Մարգարիտ Խաչատրեան-Պանտաքի երաժշտանոցի աշակերտներուն համերգին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2024-ին, «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց յանձնախումբի անդամները եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց իրենց աշխատանքներուն, յատկապէս միութեան 100-ամեակին նուիրուած գործունէութիւններուն։