image

Հալէպի մէջ.  Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներու եւ նահատակներու հոգիներուն 

Հալէպի մէջ.  Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներու եւ նահատակներու հոգիներուն 

Օրերս, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած է եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուած է՝ ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներուն, իրենց կեանքերը ընծայաբերած հալէպահայ նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Արարողութեան ներկայ գտնուած է ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝

Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ, Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։  

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ անդամը, Յարաբերական Մարմինի անդամը, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետը, Ազգ. Վարչութեան ատենապետը, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետն ու անդամները, տարազաւոր ՀՄԸՄ-ականներ, հալէպահայ նահատակներու ընտանեկան պարագաներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով օրուան աւետարանական հատուածը (Ղկ 8.17-21), ուր Քրիստոս կարեւոր ճշմարտութիւններ կը յայտնէ։ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ լոյսը, որուն մասին կը խօսի Քրիստոս, Աստուծոյ խօսքին ներգործող զօրութիւնն է, որ Աստուածաշունչին ճամբով մեզի կը փոխանցուի եւ մեր ներաշխարհը կը կերպարանափոխէ։ Հետեւաբար, Քրիստոսի լոյսը պէտք չէ թաքցնենք մեր մէջ, այլ աստուածային սիրով պարուրուած այնպէս գործենք, որ մարդիկ մօտենան Աստուծոյ։ Ան յիշեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի շարքերէն ներս ապրած, շնչած, ծառայած, ստեղծագործած եւ զոհողութեամբ գործած ննջեցեալները, նահատակ եղբայրները, սուրիահայ նահատակները եւ մարտիրոսները, որոնք աստուածային լոյսը ունենալով իրենց մէջ, իրենց հանգիստէն հեռու ուրիշին հանգիստը փնտռեցին, հայրենիքի նուիրագործուած հողի պաշտպանութիւնը իրենց կեանքէն աւելի գերադասեցին եւ սիրայօժար կերպով իրենց կեանքը զոհաբերեցին մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին բարիքին համար։ 

Սրբազան Հայրը հայցեց, որ Ամենակալը իր անսահման ողորմութեան եւ հայրական գիրկին մէջ ընդունի բոլոր ննջեցեալները եւ նահատակները, լոյս խորաններու մէջ հանգչեցնէ անոնց հոգիները եւ մեզի քաջութիւն տայ, որպէսզի իրենց ճանապարհէն ընթանանք։

Պատարագէն ետք, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի հին եւ նոր ննջեցեալներուն, իրենց կեանքերը ընծայաբերած հալէպահայ նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Հոգեհանգստեան Պաշտօնէն ետք, ներկաները ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին եւ տարազաւոր սկաուտներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի Ազգ. Գերեզմանատուն, ուր հալէպահայ նահատակներու յուշակոթողին դիմաց, ապա նաեւ ՀՄԸՄ-ի դամբարանին դիմաց համախմբուելով աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ ծաղկեմատոյց ու մոմավառութիւն կատարեցին։ 

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։