image

Հալէպի գիւղական հատուածներուն մէջ մարտեր. Ժուլանի կը զօրացնէ իր դիրքերը

Հալէպի գիւղական հատուածներուն մէջ մարտեր. Ժուլանի կը զօրացնէ իր դիրքերը

Թրքական բանակը «Թահրիր Ալ Շամ»-էն պահանջած է վերադարձնել իր զրահամեքենան, որ խլած է ճակատէն, չխօսելով իր պահեստներ տեղափոխուած մնացեալ սարքերուն եւ զինատեսակներու վերադարձին մասին:

 

«Թահրիր Ալ Շամ»-ը յաջողած է առգրաւել մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք Հալէպի գիւղերուն մէջ,  «Ահրար Ալ Շամ» շարժման կողքին «Սուրիական ճակատ»-ի դէմ մղած պայքարին ժամանակ, եւ զանոնք տեղափոխած է իր պահեստները Իտլիպի հիւսիսային շրջաններուն մէջ:

«Թահրիր Ալ Շամ»-ը գրաւած է աւելի քան 10 ինքնաշարժ` զինուած հակաօդային գնդացիրներով, երկու հրասայլ եւ թրքական զրահամեքենայ, ինչպէս նաեւ տիրապետած է զինամթերքի 3 պահեստներու եւ զէնքերու, ուրկէ քաշուած է «Սուրիական ճակատը» Աֆրին քաղաքին մօտակայքը:

Աղբիւրները կը նշեն, որ «Ահրար Ալ Շամ» շարժումը հերքած է «Թահրիր Ալ Շամ»-ի անդամներու ներկայութիւնը Հալէպի գիւղերուն մէջ, եւ որ իր բոլոր միաւորները վերադարձած են Իտլիպի իրենց դիրքերը, մինչդեռ այլ աղբիւրներ կ'ըսեն, որ «Թահրիր Ալ Շամ»--ի մեծ մասը տակաւին առկայ է «Ահրար Ալ Շամ» տարածուած շրջաններուն մէջ:

Ըստ աղբիւրներուն, թրքական բանակը «Թահրիր Ալ Շամ»-էն պահանջած է վերադարձնել իր զրահամեքենան, որ խլած է ճակատէն, չխօսելով իր պահեստներ տեղափոխուած մնացեալ սարքերուն եւ զինատեսակներու վերադարձին մասին:

Յիշեցնենք, որ Ապու Մոհամմատ Ալ Ժուլանին կը  համարուի  «Թահրիր ալ Շամ» զօրամիաւորման   առաջնորդը, որ ըստ  վերջին տուեալներուն  սկսած է  Հալէպի գիւղական  հատուածներուն  մէջ  գործող  կարեւորագոյն  ուժը    համարուիլ։