Թրքական բանակը «Թահրիր Ալ Շամ»-էն պահանջած է վերադարձնել իր զրահամեքենան, որ խլած է ճակատէն, չխօսելով իր պահեստներ տեղափոխուած մնացեալ սարքերուն եւ զինատեսակներու վերադարձին մասին:
«Թահրիր Ալ Շամ»-ը յաջողած է առգրաւել մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք Հալէպի գիւղերուն մէջ, «Ահրար Ալ Շամ» շարժման կողքին «Սուրիական ճակատ»-ի դէմ մղած պայքարին ժամանակ, եւ զանոնք տեղափոխած է իր պահեստները Իտլիպի հիւսիսային շրջաններուն մէջ:
«Թահրիր Ալ Շամ»-ը գրաւած է աւելի քան 10 ինքնաշարժ` զինուած հակաօդային գնդացիրներով, երկու հրասայլ եւ թրքական զրահամեքենայ, ինչպէս նաեւ տիրապետած է զինամթերքի 3 պահեստներու եւ զէնքերու, ուրկէ քաշուած է «Սուրիական ճակատը» Աֆրին քաղաքին մօտակայքը:
Աղբիւրները կը նշեն, որ «Ահրար Ալ Շամ» շարժումը հերքած է «Թահրիր Ալ Շամ»-ի անդամներու ներկայութիւնը Հալէպի գիւղերուն մէջ, եւ որ իր բոլոր միաւորները վերադարձած են Իտլիպի իրենց դիրքերը, մինչդեռ այլ աղբիւրներ կ'ըսեն, որ «Թահրիր Ալ Շամ»--ի մեծ մասը տակաւին առկայ է «Ահրար Ալ Շամ» տարածուած շրջաններուն մէջ:
Ըստ աղբիւրներուն, թրքական բանակը «Թահրիր Ալ Շամ»-էն պահանջած է վերադարձնել իր զրահամեքենան, որ խլած է ճակատէն, չխօսելով իր պահեստներ տեղափոխուած մնացեալ սարքերուն եւ զինատեսակներու վերադարձին մասին:
Յիշեցնենք, որ Ապու Մոհամմատ Ալ Ժուլանին կը համարուի «Թահրիր ալ Շամ» զօրամիաւորման առաջնորդը, որ ըստ վերջին տուեալներուն սկսած է Հալէպի գիւղական հատուածներուն մէջ գործող կարեւորագոյն ուժը համարուիլ։