Հալէպի մէջ Սուրիական բանակի զինուորներու դիակներ պարունակող զանգուածային գերեզման յայտնաբերուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ԹԱՍՍ» լրատուական գործակալութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչի փոխանորդ Մունզէր Մունզէր երէկ, 19 յունուարին նամակ մը յղած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսին, ուր նշուած է. «Կ'ուզեմ Ձեզ տեղեակ պահել, որ Սուրիոյ իրաւասու մարմինները Հալէպի արեւելեան ազատագրեալ թաղամասերէն մէկուն դպրոցին մէջ զանգուածային գերեզման յայտնաբերած են, ուր թաղուած է 23 դիակ»:
Նամակին մէջ կ'ըսուի նաեւ, որ Սուրիոյ իրաւասու մարմինները կարողացած են պարզել դիակներէն 20-ին ինքնութիւնը, եւ անոնք բոլորն ալ Սուրիական բանակի զինծառայողներ էին:
Ըստ Մունզէրին, նշուած դպրոցը օգտագործուած է որպէս կեդրոն՝ «Ֆաճր Ալ Իսլամ» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներուն կողմէ, զոր որոշ պետութիւններ չափաւոր ընդդիմադիր համարելով զինամթերք եւ մարդասիրական օգնութիւններ կը մատակարարէ անոր:
Սուրիացի պաշտօնեան նշած է նաեւ, որ յիշեալ վայրին մէջ գտնուած են նաեւ 37 այլ դիակներ, որոնց ինքնութիւնը պարզելու գործողութիւնները ընթացքի մէջ են, աւելցնելով, որ դիակներու մեծ մասն սպաննուած է գլխատուած կամ խոշտանքումներու ենթարկուելով: