Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան մասնակցած է Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետերու հերթական ժողովին, ուր արծարծուած են ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան հարցեր։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
Շաբաթ, 25 Յունուար 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետերու հերթական ժողովին, հիւրընկալութեամբ՝ Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Ճորճ Մասրիի, համայնքի Առաջնորդարանէն ներս։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։
Ժողովին արծարծուեցան ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան հարցեր եւ յոյս յայտնուեցաւ համագործակցութեան ոգիով բոլոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու կարելիութեան։