Հալէպ. Իրաւապահ մարմինները յայտնաբերած են մեծ քանակութեամբ պայթուցիկ նիւթեր (Տեսանիւթ)

  Հալէպ. Իրաւապահ մարմինները յայտնաբերած են մեծ քանակութեամբ պայթուցիկ նիւթեր (Տեսանիւթ)

 Կը նշուի նաեւ, որ նման դէպքեր առաջինը չեն եւ Սուրիոյ ապահովական մարմինները համոզիչ ճիգեր կը գործադրեն նման որոգայթներու առաջքը առնելու համար։

 

Հալէպ քաղաքի իրաւապահ մարմինները յաջողած են յայտնաբերել պայթուցիկ նիւթեր պարունակող գետնափոր փապուղի մը։

 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Սնաք Սուրի» կայքէն։

 

 Աղբիւրը մասնաւորապէս նշեց, որ պայթուցիկ նիւթերը այնտեղ կուտակուած են Հալէպը հարուածած պատերազմի օրերուն եւ այդ նիւթերը տեղադրուած եղած են Հալէպի շատ յայտնի «Սուք ալ հէլ» շրջանի գետնուղիներուն մէջ։

 

 Մարդկային գործօնի միջամտութեամբ երկար ժամանակէ ի վեր այդտեղ կուտակուած նիւթերու պայթումը կրնար աղէտալի հետեւանքներ ունենալ ամբողջ քաղաքին համար։ 

Կը նշուի նաեւ, որ նման դէպքեր առաջինը չեն եւ Սուրիոյ ապահովական մարմինները համոզիչ ճիգեր կը գործադրեն նման որոգայթներու առաջքը առնելու համար։