image

Հակառակորդը կրակ բացած է սահմանի արեւելեան ուղղութեան վրայ

Հակառակորդը կրակ բացած է սահմանի արեւելեան ուղղութեան վրայ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած յայտարարութիւնը, թէ իբր յուլիս 15 լոյս 16-ի գիշերը ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական  սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, ապատեղեկատուութիւն է։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ, ատրպէյճանական Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր, այդ շարքին նաեւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած հայ-ատրպէյճանական սահմանի նշուած հատուածին տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ։

Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը լռեցուած է, -հածորդած է ՊՆ նախարարութիւնը։