28 Յուլիսին՝ ժամը 12։00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը լռեցուած է։
Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։