image
Հրատապ լուրեր:

Հակառակորդը կրակ բացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին․ ՊՆ

Հակառակորդը կրակ բացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին․ ՊՆ

28 Յուլիսին՝ ժամը 12։00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը լռեցուած է։

Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։