Իսրայէլ հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւին, որու հետեւանքով զոհուած է 9 մարդ, յայտնած է CNN-ը՝ նկատելով, որ նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջնորդութեամբ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ հրադադարի պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր:
Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ զոհերը գրանցուած են Իսրայէլի սահմանի մօտ գտնուող Նապաթիէ նահանգի մէջ հարուածներու հետեւանքով. հաղորդուած է երեք վիրաւորի մասին:
Երկուշաբթի «Հըզպալլա» շարժումը երկու արկ արձակած է Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու ուղղութեամբ՝ պատասխանելով իսրայէլեան բազմակի հարուածներուն, որոնք իրականացուած էին հինգշաբթի օրուընէ՝ հրադադարի ուժի մէջ մտնելու յաջորդ օրը:
Սակայն, ինչպէս նկատել տուած է CNN, Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»-ի միջեւ անհանգիստ զինադադարը կարծես թէ կը պահպանուի, նոյնիսկ այն պարագային, երբ երկու կողմերը զիրար կը մեղադրեն հրադադարը խախտելու համար:
Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան երկուքն ալ նախազգուշացուցած են Իսրայէլը, որ ան խախտած է հրադադարի պայմանները, յայտնած են իսրայէլեան Kan եւ Ynet լրատուականները: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու՝ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի աղբիւրը յայտնած է, որ Իսրայէլ խախտած է Լիբանանի հետ հրադադարի համաձայնագիրը «մօտ 100» անգամ՝ անցեալ շաբաթ հրադադարի ուժի մէջ մտնելէ յետոյ: CNN մեկնաբանութիւն խնդրած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակէն։