image

ԱՄՆ-ն առեւտրային պատերազմի մէջ է Չինաստանի հետ․ Թրամփ

ԱՄՆ-ն առեւտրային պատերազմի մէջ է Չինաստանի հետ․ Թրամփ

ԱՄՆ-ն առեւտրային պատերազմի մէջ է Չինաստանի հետ: Այս մասին Սպիտակ տան մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը: Այս մասին կը հաղորդէ rbc.ru-ն։

«Մենք արդէն առեւտրային պատերազմ կը վարենք»,-պատասխանած է ան այն հարցին, թէ արդեօք Չինաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ իրավիճակը կրնայ հասնիլ առեւտրային պատերազմի:

Աւելի վաղ Չինաստանի առեւտուրի նախարարութենէն պատասխանած էին, որ Փեքինը պատրաստ է ինչպէս բանակցութիւններու, այնպէս ալ առեւտրային պատերազմի: