The Wall Street Journal կը Հաղորդէ, որ Եգիպտոսի մէջ սկսած է Թրամփի Մերձաւոր Արեւելքի ծրագիրի շուրջ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը, որ կը կեդրոնանայ «Համաս»-ի զինաթափման, Կազայի հատուածի պատերազմէն ետք կառավարման եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վրայ՝ արաբական խաղաղապահ ուժերու մասնակցութեամբ:
Առաջարկութիւնները կը ներառեն Եգիպտոսի եւ Յորդանանի կողմէն կազմուած 1000 հոգինոց պաղեստինեան ոստիկանական ուժերու ստեղծում՝ մինչեւ 10000 մարդ ընդլայնելու հնարաւորութեամբ:
Այնուամենայնիւ, լուրջ դժուարութիւններ կը մնան: Իսրայէլը եւ արաբական երկրները կը զգուշանան բռնագրաւողի դերին մէջ յայտնուելէն: