image

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդունած է Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդունած է Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանը

Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդուած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանը։

Ստորեւ հանդիպման մասին «Կիլիկիա» հարթակին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտերու ու մտահոգութիւններու փոխանակման՝ Լիբանանի, լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ու Հայաստանի հետ աղերս ունեցող հարցերու շուրջ։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու իր թեմերուն եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն միջեւ տակաւ աճող գործակցութիւնը, միաժամանակ գնահատեց Հայկազեան Համալսարանին կողմէ տարուող կրթական աշխատանքը։