image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Կալուզինի Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի Մոսկուայի մէջ

Ըստ Կալուզինի Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի Մոսկուայի մէջ

Երեւանին եւ Պաքուին խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման հարթակ տրամադրելու վերաբերեալ Ռուսիոյ առաջարկը կը մնայ ուժի մէջ, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։

«Ակնյայտ է, որ մեր ծրագիրները կեանքի կոչելու համար դեռ շատ ընելիքներ կան։ Մենք պատրաստ ենք Երեւանին եւ Պաքուին տրամադրել անհրաժեշտ ամբողջ օգնութիւնը՝ մնացած տարաձայնութիւնները յաղթահարելու համար, ներառեալ՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններու», - ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը։

Կալուզին ընդգծած է, որ Մոսկուան յատուկ նշանակութիւն կու տայ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Դիւանագէտը նաեւ նշած է Ռուսիոյ նշանակալի եւ արդիւնաւէտ դերը երկու երկիրներու միչեւ հակամարտութեան կարգաւորման: