image

TRIPP-ը օգուտ կը բերէ ամբողջ շրջանին. Ալիեւ

TRIPP-ը օգուտ կը բերէ ամբողջ շրջանին. Ալիեւ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վկայութեամբ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները ստեղծած են խաղաղութեան օրակարգի յառաջխաղացման պայմաններ, յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ։

Ան նաեւ ընդգծած է TRIPP նախագիծի նշանակութիւնը, ընդգծելով անոր կարեւոր դերը տարածաշրջանային համագործակցութեան մէջ եւ՝ օգուտները ամբողջ տարածաշրջանին համար։