image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հիմնաւորեալ եւ օրինական

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հիմնաւորեալ եւ օրինական

Սիւնիքի ուղղութեամբ թուրքեւազրպէյճանական նկրտումներու հերթական դրսեւորում էր Պաքուի ներկայացուցիչին յայտարարածը, առ այն, որ իրենք կը սպասեն միջանցքի նախագիծին առումով հայկական ընդառաջումին:

«Զանգեզուրի միջանցք»-ի այս յանկերգը կրնար հերթական յայտարարութեան սահմաններուն մէջ դիտարկուիլ, եթէ անիկա իբրեւ քաղաքական պահ կապ ունեցած չըլլար Իսրայէլ-Իրան պատերազմին հետ:

Ազրպէյճան, բնականաբար Թուրքիոյ հետ, կ՛ուզէ առիթը լիարժէք օգտագործել: Իրանի ներգրաւումը պատերազմին եւ թուլութեան նախանշաններու դրսեւորումը կրնան մղել Պաքուն անցնելու իր դարաւոր երազի գործնականացման:

Ըստ տարբեր լրատուութիւններու, ազրպէյճանական զօրքերու կուտակում արձանագրուած է Նախիջեւանի եւ Սիւնիքի սահմաններուն: Այս մասին յայտնեց նաեւ իրանեան շրջանակներէ հնչեցուած այս ուղղութեամբ վտանգը:

Քաղաքական տրամաբանութեամբ անըմբռնելի է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի  նախագահին յայտարարութիւնը: Ըստ անոր, Ազրպէյճան հիմնաւոր պատճառ եւ օրինականութիւն չունի Հայաստանի դէմ որեւէ յարձակում սանձազերծելու համար: Աւելցնելով, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ արդէն համաձայնած են:

Տրամաբանական հարցումներ կրնան բխիլ այս հաստատումէն: Առաջինը այն, որ ընդհանրապէս զինուորական յարձակումները կը հիմնուին հիմնաւորեալ օրինականութեան վրայ: Երկրորդ, այսպիսով կ՛ենթադրուի, որ  հայաստանեան տարածքներու վրայ այսօր տեղակայուած ազրպէյճանական ուժերը հիմնաւոր օրինականութիւն ապահոված են եւ կամ ներխուժած միեւնոյն օրինաչափութիւններուն յարգումով: Չենք խօսիր տակաւին Արցախի մասին:

Եթէ Պաքուն նման քայլի չէ դիմած մինչ այժմ, անիկա կը նշանակէ, որ նախ եւ առաջ կայ իրանեան դիմակայումն ու վճռակամութիւնը սահմաններու անխախտելիութեան:

Պաքուն սպառնալիք ստացած է Թեհրանէն, տարածք չտրամադրելու իսրայէլեան ուժերու, իր դէմ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու համար: Այս առումով իրավիճակ կը փոխուի եւ վտանգը կը մօտենայ, երբ հաստատուի, որ իսրայէլեան ուժերը արցախեան տարածքներէ Իրանի դէմ յարձակման գործողութիւններու կը նախաձեռնեն: Իրան կը պատասխանէ անպայման, եւ Ազրպէյճան ներքաշուած կ՛ըլլայ պատերազմին: Միջանցքի վտանգը աւելի կը մօտենայ:

Բայց անհրաժեշտ է ահազանգել այս վտանգին մասին: Մանաւանդ նկատի ունենալով նախադէպերը: Առիթաւորումը Պաքուի կողմէ նախադէպեր ունի. յիշենք Արցախի նկատմամբ իրականացուած գործողութիւններու քաղաքական պահը` Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմի բռնկման խորապատկերին վրայ:

Կայ տեսութիւն նաեւ, որ միայն իրանեան չէ միջանցքի բացման դէմ արգելքը: Այստեղ աւելի հեռանկարային է նախագիծը: Ապահիւլէականացուած նոր Իրանը, պայմանագիրի կնքման պարագային պիտի ստանայ տնտեսական ապաշրջափակման եւ պատժամիջոցներու վերացման կարելիութիւններ: Թուրանական կամուրջով չէ պայմանաւորուած Իրանի համար Արեւմուտքի հետ կամրջուելու կենսաճանապարհը, որ արտատարածքային կարգավիճակ պէտք չէ ունենայ:

Հայաստանի վարչապետը շուտով կը մեկնի Անգարա: Ըստ յայտարարութիններու, տարածաշրջանային բոլոր խնդիրները քննարկումի առարկայ են: Բնականաբար Անգարայէն դիտուած ամէնէն հրատապը Թուրքիա-Ազրպէյճան ցամաքային ուղիներու խնդիրն է, որ դարձեալ ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններուն, միջանցքային կարգավիճակով  չէ ներառուած փաստաթուղթի նախագիծին մէջ իբրեւ յատուկ կէտ:

Այս չի նշանակեր, որ քննարկումներուն նախատեսուած օրակարգերէն դուրս է հարցը: Վտանգը առկայ է, մանաւանդ Իրանի ներկայ վիճակը նկատի ունենալով:

Այս հանգամանքներով կը բացատրուի Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի հրապարակած ահազանգը: Անիկա դիմում է միջազգային ընտանիքին եւ համապատասխան բոլոր կառոյցներուն` կանխելու համար թուրանական կամուրջի կառուցման փորձը: Այս պարագային, այո՛, հիմնաւորեալ եւ օրինական իրաւադրոյթներու պարզաբանումով:

 

«Ա.»