Օրերս ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար՝ Տիար Զարեհ Սինանեանի մասնակցութեամբ հայրենադարձութեան թեմայով քննարկում տեղի ունեցած է AMAA-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
AMAA-ն մասնակցած է ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Հայրենադարձութեան եւ համարկման կեդրոնի կազմակերպած «Հայրենադարձութեան արդի հիմնահարցեր» թեմայով կլոր-սեղան քննարկման, որու ընթացքին ներկայացուած են նաեւ գործընկերներու կողմէ իրականացուող հայրենադարձներուն ուղղուած ծրագրերն ու միջոցառումները:
AMAA-ն կը համագործակցի վերը նշուած կառոյցներուն հետ` բազմաբնոյթ աջակցութիւն ցուցաբերելով կազմակերպութեան դիմող հայրենադարձներուն: