image

Գնալըի մէջ. համայնքային մարզական փառատօն

Գնալըի մէջ. համայնքային մարզական փառատօն

Օրերս Գնալը կղզիի մէջ մեկնարկած է համայնքային մարզական փառատօն մը, կազմակերպութեամբ՝ Շիշլի մարզակումբի, Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի եւ Ներսէսեան դպրաց դասի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Գնալը կղզիի մէջ երէկ երեկոյեան սկսաւ համայնքային մարզական փառատօն մը, որու կազմակերպիչներն են՝ Շիշլի մարզակումբը, Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանը եւ Ներսէսեան դպրաց դասը։ Նախագիծը ձօնուած է երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին։

Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ մարզական փառատօնին բացումը։ Պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Անկլիքան եկեղեցիէն Հայր Ճոն Ուիլի, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքս, նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Հարկ է նշել, որ մարզական փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ 1 օգոստոս։