Պոլսոյ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, օրերս տեղի ունեցած է «Քարերու Պատմութիւնը» խորագրեալ ներկայացումը՝ Միացեալ Նահանգներու Փասատինա քաղաքէն արձակուրդի համար ժամանած Նորայր Տատուրեանի կողմէ։
Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»ն մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պոլսոյ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ուրբաթ, 12 Յուլիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Քարերու Պատմութիւնը» խորագրեալ ներկայացումը, Միացեալ Նահանգներու Փասատինա քաղաքէն արձակուրդի համար ժամանած Նորայր Տատուրեանի կողմէ։
Հանդիսութեան գլխաւորեց Սահակ Բ. պատրիարքը, իր կողքին ունենալով Իշխանաց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Յարութիւն վրդ. Տամատեանը։ Հանդիսութեան մասնակցեցան մշակութասէրներ եւ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներ։
«ՄենքԵրգԵնք» երիտասարդական երաժշտական խմբակի հիմնադիր եւ պատասխանատու Սեւան Աթաօղլու բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց նախկին պոլսահայ Նորայր Տատուրեանը, որ երկար տարիներ առաջ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած ըլլալով, այնտեղ ունի կրթական եւ մշակութային ծառայութիւն։
Ապա Տատուրեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Փասատինայի մէջ իր ունեցած նախաձեռնութիւններուն մասին։ Ան ըսաւ, որ ներկայացումը նախ կատարուած է իր քաղաքին մէջ։ Այնուհետեւ «Քարերու պատմութիւնը» ներկայացումով, ան տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի պատմամշակութային քանի մը արժէքներու մասին, որոնց մէջ լսելի դարձան Հայրավանքի, Հաղարծինի վանքի, Նորավանքի եւ Յովհանավանքի նման կոթողներու պատմուածքները։
Ներկայացուեցան նաեւ Չարենցի Կամարի, Քարերու համանուագին պէս մշակութային այլ կոթողներ։
Ներկայացումէն ետք, երիտասարդներ հակիրճ ընթերցանութիւններ կատարեցին, ապա Լիլիան Աւիթօղլու դաշնակով նուագեց հայերէն երգեր ու ներկաներ միացան երգեցողութեան։
Ներկաներուն փափաքով, Տատուրեան խտացեալ կերպով ներկայացուց նաեւ Հայկական տաղաչափութեան մասին իր բանախօսութիւնը, որ ան քանի մը շաբաթներ առաջ ներկայացուած էր։
Աւարտին, հոգեւոր պետը շնորհաւորեց Տատուրեանի աշխատութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ապագայ գործունէութեանց մէջ։ Պատրիարքը ուրախութիւն յայտնեց նաեւ, որ Գնալը Կղզիին մէջ մշակութային այսպիսի ձեռնարկներ կը կազմակերպուին, ապա, ի յիշատակ այս այցելութեան՝ ան Տատուրեանին յանձնեց յուշանուէր մը։
Ներկաները եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ ունեցան մտերիմ զրոյցի պահ մը։
Տատուրեանի սոյն ներկայացումը կրկնութիւնն էր երկու շաբաթ առաջ «Սայաթ Նովա» երգչախումբին նախաձեռնութեամբ կատարուած ներկայացման: