Իր նուիրական առաքելութիւնը կը շարունակէ կատարել Վատիկանի մօտ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Մայր Աթոռի նուիրակ, Սուրբ Էջմիածնի երէց միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան։
Օրերս Սրբազան հօր հրաւէրով տեղի ունեցած հոգեւորականներու հաւաք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Արեւմտեան Եւրոպայի տարբեր համայնքներու մէջ հոգեւոր ծառայութիւն իրականացնող միաբան հայրեր։
«Արեւելք» այս մասին վերահասու դարձաւ Սրբազան հօր գրասենեակէն, եւ ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը՝
6-8 Մարտին, Պրիւքսէլէ ոչ շատ հեռու, «Ս. Շարպել» վանքի մէջ, նախագահութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց հաւաք-առանձնացում։ Այս հաւաքին մասնակցեցան հոգեւոր այն սպասաւորները, որոնք կը ծառայեն Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան ներքոյ ՝Պելժիա, Հոլանտա, Իտալիա եւ Սպանիա։
Խորհրդածութիւնը սկսաւ եւ շարունակուեցաւ «Քահանայագործութիւն՝ հայ հոգեւորականի առաքելութիւնը երէկ եւ այսօր» խորագրի ներքեւ։ Այս առիթով որպէս բնաբան կարդացուեցան Աւետարանական հատուածներ։ Անհատական ու հաւաքական աղօթքներուն զուգահեռաբար ստեղծուեցան նաեւ ինքնաքննութեան պահեր։
Քննարկումներու ընթացքին իւրաքանչիւր հոգեւորական իր անձնական փորձառութիւնն ու վկայութիւնները բաժնեց միւսներուն հետ։ Երեկոյեան կատարուեցան «Խաղաղական» եւ «Հանգստեան» ժամերգութիւններ, որոնց մասնակցեցաւ Պելժիայէն ու Հոլանտայէն ժամանած հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Հաւատացեալները ի նշան երախտագիտութեան այն հոգեւոր սնունդի, զոր ստացան հոգեւոր հայրերէն, իրենց հետ բերած էին իրենց իսկ ձեռամբ պատրաստուած պահքի համեղ եւ բազմատեսակ կերակուրներ։
Յաջորդ օրը նոյնպէս սկսաւ աղօթքով, կատարուեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, ապա հոգեւորականներէն ամէն մէկը քննարկման սեղանի շուրջ կարդաց եկեղեցական հայրերու գրուածքներէն հատուածներ։ Առանձնացումի օրերը վերջացան ամփոփիչ խորհրդածութիւններով, տպաւորութիւններու եւ կարծիքի փոխանակումներով, ինչպէս նաեւ Խաժակ Սրբազան Հօր գնահատանքի ու յորդորներու պատգամով ու օրհնութեամբ։