image

Ղազախստանի նաւթին համար պայքար՝ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ

Ղազախստանի նաւթին համար պայքար՝ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ

Չինաստանն ու Ռուսիան լռելեայն առճակատում սկսած են Ղազախստանէն նաւթի մատակարարումներու շուրջ: Այս մասին յայտնած է Eurasianet-ը։

Չինաստանի տնտեսութեան դանդաղման պայմաններուն Չինաստանը կ'ուզէ, որ Ղազախստանի նաւթը կարեանայ ազատօրէն դուրս գալ համաշխարհային շուկայ: Եթէ այդ պաշարները հասանելի չըլլան, ապա նաւթի գիները կտրուկ կը բարձրանան, իսկ Չինաստանէն ապրանքներու սպառողական պահանջարկը կը սկսի նուազիլ, նշած է պարպերականը։

Նշուած է նաեւ, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ յատուկ գործողութեան մեկնարկէն ետք Մոսկուան արդէն երկու անգամ արգելափակած է նաւթի մատակարարումները Ղազախստանէն։ Ընդ որում, Ռուսիոյ պատճառները կարեւոր չեն, գլխաւորն այն է, որ Փեքին չախորժիր այդպիսի գործողութիւններէն։

Ըստ պարբերականի՝ Չինաստանը լռելեայն նախատած է Ռուսիան արգելափակումներու համար։ Ընդ որում, Փեքին պարզ հասկցուցած է, որ պիտի չհանդուրժէ միջամտութիւնը ղազախական նաւթի արտահանման գործին։

23 Օգոստոսին «Քոմերսանթ»-ը գրած էր, որ Կասպեան խողովակաշարի ընկերակցութեան (Consortium) (CPC) նաւթամուղով ղազախական նաւթի մատակարարումները համաշխարհային շուկայ կրնան կրճատուիլ 15 միլիոն թոնով՝ սարքաւորման այս տարի արդէն չորրորդ խափանման պատճառով:

Մինչ այս CPC-ն, որուն կը մասնակցին Ռուսիան ու Ղազախստանը, կրկին կրճատած է նաւթի մղումը դէպի Ռուսիա։ Որպէս ռուսական տարածք մատակարարուող հումքի ծաւալներու կրճատման պատճառ CPC-ը նշած է խողովակաշարի վերանորոգումը եւ նաւթի արդիւնահանման դադարեցումը Կաշաղանի հանքավայրին մէջ։