Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը «Իզվեսթիա»-ին տուած հարցազրոյցին անդրադարձած է ընդհանուր առմամբ Արցախի եւ Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին:
Ան եւս մէկ անգամ յիշեցուցած է, որ առաջին հերթին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջանքերու շնորհիւ էր, որ ժամանակին դադրեցաւ թէժ հակամարտութիւնը։ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը հրադադարի, դէպի հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորում շարժելու ու խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման մասին է, նշած է ան։
«Մենք կը խօսինք երկխօսութեան միջոցով չորս հիմնական ուղղութիւններով առաջ շարժելու մասին՝ տարածաշրջանին մէջ փոխադրային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակում, երկխօսութիւն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման նպատակով, երկու երկիրներու սահմաններու սահմանազատում եւ հասարակական ու խորհրդարանական գծով կապերու հաստատում, առանց որու դժուար է խօսիլ երկկողմ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման մասին։ Կարգաւորման հիմնական տարրերը՝ զինադադարը եւ դէպի հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորում շարժման առանցքային ուղղութիւններու ձեւակերպումը, ձեւակերպուած են եւ սկսած են իրագործուիլ բացառապէս Ռուսիոյ եւ անոր նախագահի միջնորդական առաքելութեան շնորհիւ։ Սա ինքնին արդէն նշանակալի ձեռքբերում է։
Այս տարիներու ընթացքին Ռուսիան կը փորձէ գործնական ջանքեր գործադրել չորս ոլորտներու մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին համար ստեղծուած են լուրջ ներուժ եւ հետագայ առաջընթացի հիմքեր։
Հասկնալի է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պէս հին եւ զգայուն բախումնային իրավիճակներու լուծումը չի կրնար ընթանալ առանց դժուարութիւններու եւ առանց որեւէ խնդիրներու», - եզրափակած է Կալուզինը: