image

Գերշ. Տ. Յովնան արք.ի նախագահութեամբ հոգեւորականաց համագումար Լոս Անճելըսի մէջ

Գերշ. Տ. Յովնան արք.ի նախագահութեամբ հոգեւորականաց համագումար Լոս Անճելըսի մէջ

Թեմակալ Առանորդ  Գերշ. Տ. Յովնան արք. նախագաութեամբ օրերս  ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմէն ներս տեղի ունեցած է Հոգեւորականաց Համագումար։ 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ  Թեմի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց համաժողով։ Պըրպենքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց համագումարը, որուն նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Շուրջ հինգ տասնեակ հոգեւոր հայրեր, որոնք ծառայութիւն կը մատուցեն այս թեմէն ներս, համախմբուեցան յոբելենական ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Արդարեւ, այս տարի Արեւմտեան թեմը կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը։

Հոգեւորականաց համագումարի քննարկումները, ըստ էութեան, ծաւալուեցան երկու հիմնական առանցքներու շուրջ։ Անոնցմէ մին էր՝ «95-ամեայ թեմի պատմական ձեւաւորումն ու հեռանկարները» խորագրեալ աշխատանքը, իսկ միւսը՝ «Մեր Սուրբ Պատարագը»։ Այսպէսով սոյն հոգեւորականաց համագումարը տարբերուեցաւ նախորդներէն՝ իր ձեւաչափով ու բնոյթով։

Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ելոյթ մը ունեցած է հոգեւորականաց համագումարին ժամանակ։ Ան յայտնեց, որ հաւատի գիտակցութեամբ հոգեւոր հայրերու աւանդական խորհրդակցութիւնները պէտք է վերածուին հոգեւոր սպառազինութեան աղբիւրի մը, որպէսզի բոլորը մշտապէս զօրանան իրենց քահանայական կոչման մէջ եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդեն դէպի սրբութիւն, որ ճանապարհն է առ Աստուած։