Օրերս Լիբանան գտնուող եւ արքութեան տիտղոսով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան շարքերը համալրած ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՄԷ-ի Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մանրամասնօրէն գրած է հանդիպման մասին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք լրատւութիւնը, նորանոր նուաճումներ մաղթելով սիրելի Սրբազան հօր, վստահ ըլլալով, որ ան բեղուն կերպով պիտի շարունակէ քրիստոսափայլ իր առաքելութիւնը։
Ուրբաթ 15 Մարտ 2024-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիաս Մայրավանքի գրասենեակէն ներս ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, Ազգային վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Ժիրայր Հապիպեանը եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համաատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Մահսերէճեանը:
Հանդիպումը առիթ ստեղծեց Վեհափառ հայրապետի հովուապետական այցելութեան լոյսին տակ անգամ մը եւս մօտէն իրազէկ դարձնելու թեմի գալիք ծրագիրներուն, աշխատանքներուն եւ գործունէութեան շուրջ:
Այս առիթով անգամ մը եւս Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տարուած աշխատանքներուն եւ թեմի տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն:
Նշենք թէ Սրբազան հայրը եւ Պրն. ատենապետը անցնող շաբթուայ ընթացքին Անթիլիաս գտնուելով մասնակից դարձան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան քաղաքական եւ կրօնական խառն ժողովներուն:
Այս առիթով զեկոյց ներկայացուեցաւ անցնող երկու տարիներու ընթացքին թեմի մէջ կատարուած կազմակերպչական գործունէութեան շուրջ: