image
Հրատապ լուրեր:

Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. այցելեց Տոհայի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը

Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. այցելեց Տոհայի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը

 Օրերս հովուական այցով Քաթար մեկնած ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան այցելութիւն տուած է Տոհայի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  Թեմի պաշտօնական էջէն. Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Հինգշաբթի 8 Յունուար 2026-ին, թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, ընկերակցութեամբ Քաթարի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամ՝ Պրն. Սահակ Խաչատուրեանի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներէն՝ Տիկ. Միրէյ Աղազարեանի եւ Պրն. Ալէքս Պուարիի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Տոհայի Լիբանանեան Դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ նորանշանակ դեսպան՝ տիար Պիլալ Գապալանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան հայրը եւ Պրն. դեսպանը զրուցեցին տարածաշրջանէն ներս գործող եկեղեցիներու գործունէութեան ու դիմագրաւուած մարտահրաւէրներուն մասին եւ Տոհայի մէջ հաստատուած հայ համայնքի մասին: Այս առիթով Սրբազան հարը նաեւ իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց Լիբանանեան դեսպանատան ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան Քաթարէն ներս հաստատուած հայ համայնքի զաւակներուն նկատմամբ, Պրն. դեսպանը եւս իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց գործակցութեան եւ փոխադարձ յարաբերութեան զարգացման: 

Հանդիպման ներկայ էր Լիբանանի դեսպանատան Հիւպատոս՝ Պրն. Շանթ Վարդանեանը: