image
Հրատապ լուրեր:

Գերշ. Տ. Խաժակ արք.ի Սուրբ Ծննդեան Պատարագը ՝ Լիէժի մէջ

 Գերշ. Տ. Խաժակ արք.ի Սուրբ Ծննդեան Պատարագը ՝ Լիէժի մէջ

Երկար տարիներ ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմը ձեռնահասօրէն առաջնորդած եւ ներկայիս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի հայրապետական Պատուիրակի պաշտօնը իրականացնող Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան օրերս Սուրբ Ծննդեան Պատարագ մատուցած է Պէլճիքայի՝ Լիէժ քաղաքին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։

 

Այս մասին «Արեւելք» վերահսու դարձաւ համացանցէն։ 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. կարեւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ ՍԱրեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ Վատիկանի մօտ մշտական ներկայացուցչութիւն ապահովելէ բացի Սրբազան հայրը հետամուտ է նոր գաղութներու եկեղեցական կազմակերպման եւ այդ նոր հիմանդրուած եկեղեցիներէն մին ՝ Լիէժի հայկական համայնքն է, որուն հոգեւոր հովիւը դարձեալ Սրբազան հօր կարգադրութեամբ կը վարէ Պոլսոյ Միաբանութեան երիտասարդ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա աբղ. Պէսքիսիզեան