image

Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ի հանդիպումը Գէմպրիճի համայնքին հետ 

Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ի հանդիպումը Գէմպրիճի համայնքին հետ 

Գէմպրիճի մէջ, օրերս, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահած է Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Գանատայի Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք եղած լրատւութիւնը։

Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեանը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին աղօթակից էին. Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը եւ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանը։

Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ եկեղեցւոյ մօտ ներկայացուցիչ Տիկին Արփի Աշքարեան։

Օրուան պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան ճաշու Աւետարանի դրուագին, ուր Քրիստոս կը խօսի անմիտ մեծահարուստին առակը եւ կը պատուիրէ բոլոր   պարագաներու մէջ Աստուծոյ վստահիլ: 

Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղեց Եկեղեցւոյ Նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւին: «Տէր Հայր, սիրով, հաւատքով եւ խոնարհութեամբ ծառայէ մեր ժողովուրդին: Ինչպէս, որ ձեռնադրութեան ժամանակ Տիրոջ Հոգին իջաւ քու վրադ ու քեզ զարդարեց շնորհքներով եւ իշխանութիւն տրուեցաւ քեզի երթալու աւետարանելու, քարոզելու, եւ Աստուծոյ խօսքը ճշմարտապէս բացատրելու մեր ժողովուրդին:  

Աղօթքով, դրական ներկայութեամբ, սիրով եւ հոգեւորապէս զինէ մեր ժողովուրդի զաւակները: Սիրով ծառայէ, որովհետեւ ինչ որ ցանենք այն կը հնձենք», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս: