Գերմանիան պիտի շարունակէ զէնքով աջակցիլ Իսրայէլին, որու մասին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը. այս մասին գրած է Bild-ը:
«Իսրայէլն ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք. միեւնոյն ժամանակ, մեր իսրայէլցի գործընկերները կրնան յոյս դնել Գերմանիոյ համերաշխութեան վրայ: Սա կը ներառէ նաեւ Իսրայէլի պաշտպանունակութեան ապահովումը, օրինակ՝ զէնք եւ ռազմամթերք մատակարարելով»,- պրազիլեան Folha de Sao Paulo թերթին ընդգծած է Շոլցը։
Ան աւելցուցած է, որ համաձայն է Պրազիլիոյ կառավարութեան հետ, որ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի համար անհրաժեշտ է երկու պետութիւններու լուծում։
Գերմանիոյ վարչապետը այժմ Պրազիլ է, ուր Ռիօ տե Ժաներոյի մէջ G20-ի գագաթնաժողովին հաւաքուած են առաջատար արդիւնաբերական եւ զարգացող երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները: