Գերմանիոյ Դաշնային ցանցային գործակալութեան ղեկավար Քլաուս Միւլլերը Ուքրանիոյ մէջ տիրող հակամարտութեան լոյսին տակ կոչ ըրած է հարստացնելու բնական կազի պաշարները Գերմանիոյ մէջ:
«Կազապահեստարանները մեր երկրին մէջ աւելի լաւ կը լեցուին, քան նախորդ տարիներուն, եւ արդէն շատ աւելի լեցուած են, քան Մայիսի սկիզբին: Սակայն անոնք բաւարար պիտի չըլլան այն պարագային, եթէ մենք սկսինք աւելի քիչ ռուսական կազ ստանալ, կամ եթէ մատակարարումները ընդհանրապէս դադրեցուին», ըսած է ան:
Այս առնչութեամբ Միւլլերը յիշեցուցած է օրէնսդրութեան նոր կանոններուն մասին, որոնց համաձայն` Գերմանիոյ կազապահեստարանները պէտք է լեցուին աւելի քան 90 տոկոսով: Գործակալութեան ղեկավարը նշած է, որ մակարդակի տուեալները պահպանուին, իսկ կազամատակարարումները չդադրեցուին, ապա Գերմանիան «բաւականաչափ պաշար կ'ունենայ, որպէսզի դիմանայ առնուազն 2.5 ամիս կայուն եւ բնական ձմրան պայմաններուն մէջ»:
Մայիս 30-ին կայանալիք գագաթաժողովին Եւրոմիութեան անդամ երկիրները պիտի քննարկեն Ռուսիոյ դէմ սահմանուելիք նոր պատժամիջոցները, որոնց շրջանակին մէջ կը դիտարկուի ռուսական նաւթի ներածման արգելքը: