image

Գերիներու փոխանակումը կը շարունակուի.«Համաս» Կարմիր Խաչին յանձնած է երեք իսրայէլցի պատանդ

Գերիներու փոխանակումը կը շարունակուի.«Համաս» Կարմիր Խաչին յանձնած է երեք իսրայէլցի պատանդ

Իսրայէլի հետ գործարքի շրջածիրէն ներս «Համաս»-ը եւս 3 պատանդներ փոխանցած է Կարմիր խաչին Կազայի հատուածին մէջ։ 

Նշուած է, որ ազատ արձակուած պատանդներն են Սաշա Թրուֆանովը, Իաիր Հորնը եւ Սակի Տեքել-Չենը, այս պահուն անոնք մեկնած են Իսրայէլ:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի եւ «Համաս» շարժման պայմանաւորուածութեան շրջածիրէն ներս ամէն շաբաթ օր «Համաս»-ը իսրայէլցի պատանդներ ազատ կ՚արձակէ՝ փոխանակելով պաղեստինցի գերիներու հետ։